Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ծաղկաձորի «Կոլտըն Փալաս» Հիւրանոցը Որպէս Նուիրատւութիւն Փոխանցուած է Պետութեան

Ծաղկաձորի «Կոլտըն Փալաս» Հիւրանոցը Որպէս Նուիրատւութիւն Փոխանցուած է Պետութեան

by MassisPost

Ծաղկաձորի «Կոլտըն Փալաս» հիւրանոցը որպէս նուիրատուութիւն փոխանցուած է պետութեան: Որոշումը հաստատուած է կառավարութեան նիստի ընթացքին: Մաքսային ծառայութեան նախկին ղեկավար Արմէն Աւետիսեանին պատկանող գոյքի նուիրատուութիւնը կ’ենթադրէ աւելի քան 7 միլիառ դրամ գնահատուած շէնք-շինութիւնները, անոնց սպասարկման համար յատկացուած հողամասը, ինչպէս նաեւ ներսը առկայ շարժական գոյքը:

Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանը նշած է, որ կը նախատեսուի մէկամսեայ ժամկէտի մէջ ապահովել գոյքի յանձնման-ընդունման աշխատանքներու կատարումը։ Գոյքը պիտի ամրացուի Պետական գոյքի կառավարման կոմիտէին՝ յետագային պետութեան կարիքներու համար շահագործելու նպատակով։

Կառավարութիւնը դեռ որոշում չէ կայացուցած գոյքի յետագայ ճակատագրի վերաբերեալ: Կը քննարկուի երեք տարբերակ՝ օտարել, վարձակալութեան տալ կամ հաւատարմագրային կառավարման յանձնել:

Ոստիկանութիւնը հաշուարկած է, որ գոյքի պահպանութեան համար անհրաժեշտ է ամսական շուրջ 6,5 միլիոն դրամ։ Ֆինանսներու նախարար Ատոմ Ջանջուղազեանը նկատած է՝ այդ պարագային ոստիկանութեան պէտք է լրացուցիչ յատկացում կատարել:

Նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայի պետութեան նուիրատուութիւն կատարելու ցանկութեան մասին առաջինը յայտնած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նախորդ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ժամանակ: Իսկ նման ցանկութիւն Արմէն Աւետիսեանի մօտ առաջացած էր այն բանէն ետք, երբ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը քրէական գործ յարուցած է Մաքսային պետական կոմիտէի նախկին նախագահ Արմէն Աւետիսեանի կողմէ ձեռնարկատիրական գործունէութեան ապօրինի մասնակցելու եւ յանցաւոր ճանապարհով ստացուած առանձնապէս խոշոր չափերով գումարները օրինականացնելու, այսինքն՝ փողերու լուացման դէպքի առթիւ: ԱԱԾ-ն, մասնաւորապէս, յայտարարած է, որ կը ստուգէ Աւետիսեանի ընտանիքի կառուցած երեք «Կոլտըն Փալաս» հիւրանոցներու կառուցման համար ներդրուած միլիոնաւոր տոլարներու ծագման աղբիւրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment