Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Կանոնադրութիւնը Յարուցած է Պոլսահայ Համայնքի Դժգոհութիւնը

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Կանոնադրութիւնը Յարուցած է Պոլսահայ Համայնքի Դժգոհութիւնը

by MassisPost

Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի շուրջ ներհամայնքային կիրքեր կը բորբոքին: Երկուշաբթի օր Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ նոր պատրիարքի ընտրութեան համար պատրիարքարան ուղարկուած համապատասխան կանոնադրութեան համաձայն՝ պատրիարքի թեկնածու կրնան ըլլալ միայն Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին ենթակայ եպիսկոպոսները:

Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ժամանակ» օրաթերթը հրապարակած է 32 կէտէ բաղկացած 6-էջանոց կանոնադրութիւնը, որուն մէջ տեղ գտած են ընտրութեան ընթացակարգին առնչուող շարք մը մանրամասներ: Կանոնադրութեան 25-րդ կէտի համաձայն, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի թեկնածու կրնան առաջադրուիլ միայն պատրիարքարանին ենթակայ սրբազանները՝ ներկայիս տեղապահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը, Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը եւ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքչեանը: Պատրիարքական աթոռի միւս յաւակնորդները, այդպիսով, չեն կրնար առաջադրուիլ յառաջիկայ ընտրութիւններուն:

Կանոնադրութեան այս կէտը պոլսահայ համայնքին մէջ դժգոհութեան ալիք բարձրացուցած է: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը աւանդաբար կը կարգաւորուի 1863 թուականի Ազգային սահմանադրութեան դրոյթներով: Սակայն իւրաքանչիւր ընտրութենէ առաջ պետութիւնը սահմանադրութեան վրայ հիմնուած կանոնադրութիւն ուղարկած է, որով իրականացուած է ընտրութիւնը: Հակառակ անոր, որ պատրիարքի թեկնածուներու՝ Պոլսոյ աթոռին ենթակայ ըլլալու պայմանը սահմանադրութեան մէջ նշուած է, այնուհանդերձ, ուշագրաւ է, որ 1961, 1990 եւ 1998 թուականներուն տեղի ունեցած պատրիարքական ընտրութիւններու ժամանակ պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան մէջ նման սահմանափակում չէ դրուած: 1961 թուականէն ի վեր ընտրուած երեք պատրիարքներէն երկուքը արտասահմանէն եղած են:

Համայնքային որոշ շրջանակներ այս սահմանափակումը թրքական իշխանութիւններու կամայական որոշում կը համարեն: «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP)  հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը իր թուիթըրեան էջին, յիշատակելով անցեալին ունեցած փորձը, այս արգելքը համարած է պետութեան կողմէ միջամտութիւն ընտրութեան գործընթացին: Փայլանը կոչ ըրած է առարկել պատրիարքի աթոռի համար թեկնածուներու առաջադրման իրաւունքի ոտնահարման դէմ: «Ներքին գործոց նախարարութիւնը միջամտեց պատրիարքարանի ընտրութիւններուն։ Թուրքիոյ պատմութեան ընթացքին պատրիարքի ընտրութիւններուն մասնակցած եւ նաեւ ընտրուած  են դուրսը ապրող թեկնածուներ, որոնք ծնունդով Թուրքիայէն եղած են։ Այժմ կը պահանջեն, որ ընտրութիւն կատարենք 2 թեկնածուի միջեւ։ Եկէք մեր բողոքը յայտնենք, որպէսզի պատրիարքի իրական թեկնածուներու ընտրական իրաւունքները չոտնահարուին» յայտարարած է Փայլան։

Հարցի շուրջ մտահոգութիւն արտայայտած են նաեւ պատրիարքարանի եպիսկոպոսները: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Սահակ Մաշալեանը ստեղծուած իրավիճակը խնդրայարոյց համարած է՝ նշելով, որ կանոնադրութեան մէջ նշուած սահմանափակումը «անարդար առաւելութիւն է ի շահ անձիս եւ մեր աթոռի միւս եպիսկոպոսներուն»: Արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեանի կարծիքով ալ՝ Թուրքիայէն դուրս ծառայութիւն իրականացնող հոգեւորականներու առաջադրման համար ստեղծուած արգելքը կը հակասէ եկեղեցական աւանդոյթներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment