Միջազգային հեղինակութիւն վայելող փրոֆեսոր Վահագն Տատրեանի աճիւնը ԱՄՆ-էն պիտի տեղափոխուի Հայաստանի Հանրապետութիւն:
Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան «Ֆէյսպուք»-ի պաշտօնական էջը:
«Հաշուի առնելով միջազգային հեղինակութիւն վայելող փրոֆեսոր Վահագն Տատրեանի անկոտրում պայքարն արդարութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացման համար, իր մեծ գիտական ներդրումը ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան գործում՝ որոշում է կայացուել նրա աճիւնը տեղափոխել Հայաստանի Հանրապետութիւն: Այս ուղղութեամբ աշխատանքներն արդէն իսկ իրականացւում են»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: