Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի մէջ Պիտի Բացուի Ուրուկուէյի Գլխաւոր Հիւպատոսութիւն

Երեւանի մէջ Պիտի Բացուի Ուրուկուէյի Գլխաւոր Հիւպատոսութիւն

by MassisPost

Օգոստոս 16-ին Երեւանի մէջ պիտի բացուի Ուրուկուէյի գլխաւոր հիւպատոսութիւն: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը պաշտօնական այցով Երեւան  գտնուող իր  ուրուկուէյցի  գործընկեր Ռոտոլֆօ Նին Նովոայի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ:

Հայաստանի ԱԳ նախարարն արձանագրած է 2 երկիրներու միջեւ շարունակուող աշխոյժ երկխօսութիւնը: «Հայաստանի համար Ուրուկուէյը շատ կարեւոր եւ յուսալի գործընկեր է: Շատ զգացմունքային բաղադրիչ է այն, որ 1965 թուականին Ուրուկուէյն աշխարհում առաջինն է ճանաչել Հայոց ցեղասպանութիւնը: Միջպետական յարաբերութիւնները կառուցւում են արժէքների ընդհանուր համակարգի վրայ՝ ժողովրդավարութիւն, մարդու իրաւունքների պաշտպանութիւն, խաղաղութիւն»,- նշած է նախարարը:

Անոր խօսքով՝ Հայաստանն ու Ուրուկուէյը աշխոյժօրէն կ’աշխատին միջազգային հարթակներու վրայ, Ուրուկուէյը կը սատարէ Հայաստանի ջանքերուն Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին:

Կողմերը քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու լայն շրջանակ, նշուած է երկխօսութեան շարունակման կարեւորութիւնը եւ հայ համայնքի դերակատարումը: «Ուրուգուէյում բնակուող մօտ 20 հազար հայերը ոչ միայն Ուրուկուէյի արժանաւոր քաղաքացիներն են, որոնք աշխոյժօրէն մասնակցում են երկրի զարգացմանը, այլեւ իրենց ազգային ինքնութեանը հաւատարիմ մարդիկ են»,- նշած է Զոհրապ Մնացականեանը: Նախարարը կարեւորած է միջխորհրդարանական կապերու զարգացումը, յիշեցուցած, որ արդէն ստեղծուած է բարեկամութեան խումբ: Կողմերը մտադիր են համագործակցութիւնը խորացնել տնտեսական, գիտական, մշակութային, կրթական ոլորտներու մէջ: Հայաստանի ԱԳ նախարարը գործընկերոջը տեղեկացուցած է  ընդելուզման գործընթացներուն երկրի մասնակցութեան մասին: Գործընկերը յայտնած է համանման գործընթացներու մէջ իր երկրի աշխատանքի մասին:

Ուրուկուէյի ԱԳ նախարարը իր հերթին ընդգծած է, որ Հայաստանը իր հայրենակիցներէն շատերու հայրենիքն է, անոնք Հայաստանը մայր կ’անուանեն: «Անոնք ընդելուզուած են Ուրուկուէյի հանրային կեանքին՝ զբօսաշրջութեան նախարարը հայ է, ունինք հայ տնօրէն, մարզիկներ, ձեռնարկատէրեր: Անոնք երկրի զարգացման իրենց աւանդը բերած են: 27 տարուան դիւանագիտական յարաբերութիւններու ընթացքին երկկողմ կապերը խորացած են: Անոնք հիմնուած են բարեկամութեան եւ հեռանկարներու ընդհանուր տեսլականի վրայ: Ուրուկուէյը եւ Հայաստանը միանման դիրքորոշում ունին ՄԱԿ կանոնադրութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերեալ»,- նշած է ուրուկուէյցի նախարարը: Ան յիշեցուցած է, որ Ուրուկուէյը աշխարհի մէջ առաջինը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ աւելի ուշ օրէնսդրական մակարդակով Ապրիլ 24-ը սահմանած է զոհերու յիշատակի օր: Այդ օրը հեռուստատեսութիւնը եւ ռատիօն պարտադիր կարգով պէտք է ժամանակ յատկացնեն այս թեմայով միջոցառումներուն:

Նախարարը նաեւ նշած է, որ երկիրներու միջեւ առկայ է բաւականին ընդարձակ պայմանագրա-իրաւական հիմք։ Ուրուկուէյը պատրաստ է Հայաստանին փոխանցել իր փորձը այնպիսի ոլորտներու մէջ, ինչպիսին են գիւղատնտեսութիւնը, կլիմայի փոփոխութիւնը, վերականգնուող ուժանիւթը, առողջապահութիւնը: Անոր խօսքով՝ գլխաւոր հիւպատոսութեան բացումը պիտի դառնայ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակի վկայութիւն եւ անոնք խորացնելու եւս մէկ քայլ: «Հայ ժողովուրդի պատմութեան արմատները քաղաքակրթութեան ակունքներուն են»,- եզրափակած է Ուրուկուէյի Արտաքին գործոց նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment