Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան եւ Վիեթնամ Մտադիր են Զարկ Տալ Տնտեսական Համագործակցութեան

Հայաստան եւ Վիեթնամ Մտադիր են Զարկ Տալ Տնտեսական Համագործակցութեան

by MassisPost

Հայաստանը եւ Վիեթնամը մտադիր են զարկ տալ տնտեսական համագործակցութեան, բանակցութիւններու աւարտին յայտարարած են երկու երկիրներու առաջնորդները:

Հայաստանցի պաշտօնակցին Վիեթնամի վարչապետ Նկույէն Սուան Ֆուքը դիմաւորած է իր նստավայրին մէջ՝ հանդիսաւոր արարողութեամբ, առանձնազրոյցէն ետք երկու վարչապետերն ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ վարած են, ապա Նիկոլ Փաշինեանը եւ Նկույէն Սուան Ֆուքը լրատուամիջոցներու համար հանդէս եկած են յայտարարութեամբ:

pashinyan-hanoi-1

Վիեթնամի վարչապետը ողջունած է Նիկոլ Փաշինեանի յետյեղափոխական գործունէութիւնը, ներքաղաքական կայունութեան հաստատումը:

Հայաստանի վարչապետը շեշտած է, որ մէկ տարուան ընթացքին վճռական քայլերու շնորհիւ իր խումբը կրցած է որակապէս փոխել երկրի տնտեսական եւ, մասնաւորապէս, ներդրումային միջավայրը:

Հայաստանի մէջ այսօր, ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, արտասահմանեան ընկերութիւններու գործունէութեան համար խոչընդոտներ չկան: Ստեղծուած են նաեւ բոլոր անհրաժեշտ իրաւական մեխանիզմները՝ պետութեան կողմէ օտարերկրեայ ներդրողներու սեփականութիւնը պաշտպանելու համար:

pashinyan-hanoi-5

Նիկոլ Փաշինեանը յայտնած է, որ Հայաստան-Վիեթնամ միջկառավարական յանձնաժողովի յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբերին՝ Երեւանի մէջ, անոր զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ հայ-վիեթնամական գործարար համաժողով:

Բանակցութիւններու արդիւնքներով Երեւանն ու Հանոյը ստորագրած են կրթութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիր, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է մեղմացնել հարկային քաղաքականութիւնը:

pashinyan-hanoi-6

Նշենք, որ հանդիպումէն ու բանակցութիւններէն ետք Նիկոլ Փաշինեանը գրառում կատարած է իր ֆէյսպուքեան էջին՝ Վիեթնամի վարչապետի հետ հանդիպումը գնահատելով արդիւնաւէտ։

«Գործնական եւ արդիւնաւէտ հանդիպում ունեցայ Վիեթնամի վարչապետ Նկույէն Սուան Ֆուքի հետ», – գրած է Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment