Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բանակցութիւններուն Քննարկուած է Ղարաբաղի Մասնակցութեան Հարցը. Փաշինեան

Բանակցութիւններուն Քննարկուած է Ղարաբաղի Մասնակցութեան Հարցը. Փաշինեան

by MassisPost

Վերջին օրերուն ատրպէյճանական կողմը հանդէս կու գայ յայտարարութիւններով, որոնք դուրս են համատեղ յայտարարութիւններու շրջանակներէն, այս մասին ֆէյսպուքեան ուղիղ հեռարձակմամբ յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ անդրադառնալով Վիեննայի բանակցութիւններուն: Բանակցութիւններէն ետք Իլհամ Ալիեւը ըսած էր. «Կարեւոր է այն հանգամանքը, որ բանակցութիւններու ձեւաչափը անփոփոխ մնաց. բանակցութիւնները կը վարեն Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը, ինչպէս եւ երկար տարիներ շարունակ»:

«Համաձայնէք, որ սա շատ լուրջ խնդիր է առաջացնում եւ ընդհանրապէս հարցի տակ է դնում գործընթացի ողջ լրջութիւնը», – նշած է վարչապետը։

Ըստ Փաշինեանի, բնակցութիւնները արդիւնաւէտ դարձնելու համար պէտք է մոռնալ հին եւ կրկնուող թեքսթերը, որոնք ցոյց տուած են իրենց անարդիւնաւէտութիւնը եւ նոր բանակցային գործընթացին մէջ պէտք է նոր մօտեցումներով առաջնորդուիլ։ Վարչապետը վերահաստատած է՝ Վիեննա գացած են Ստեփանակերտի մէջ յայտարարած օրակարգով եւ Ղարաբաղի բանակցային սեղան վերադառնալու հարցը քննարկուած է: «Այդ նիստում ես ասել էի, որ մեզ համար շատ կարեւոր է Արցախի ներկայացուցիչների մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացում, եւ շատ կարեւոր է ընդգծել, որ ես ասել էի նաեւ եւ հիմա էլ ասում եմ, որ սա բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան պահանջ եւ ակնկալիք չէ, ոչ էլ քմահաճոյք, ոչ էլ նախապայման։ Սա ընդամէնը բանակցային գործընթացը արդիւնաւէտ դարձնելու խնդիր է։ Հիմա, օրինակ, երբ որ ատրպէյճանական կողմը ասում է, որ կարեւորն էն է, որ բանակցութիւնների ձեւաչափը մնացել է անփոփոխ, այսինքն նրանք դրանով ուզում են ասեն, որ այս բանակցութիւններում, այս քննարկումներից իրենք յաղթող են դուրս եկել։ Վիեննայում արդեօ՞ք քննարկուել է Ղարաբաղի մասնակցութեան հարցը, իհարկէ քննարկուել է, արդեօ՞ք մենք լրջօրէն փաստարկել ենք այդ տեսակէտը, իհարկէ լրջօրէն փաստարկել ենք, արդեօ՞ք այս հարցի վերաբերեալ կողմերը եկել են համաձայնութեան, իհարկէ չեն եկել համաձայնութեան, արդեօ՞ք սա նշանակում է, որ այդ հարցը քննարկումներից դուրս եկաւ, իհարկէ՝ ոչ, դա նշանակում է, որ այդ թեմայի շուրջ մենք քննարկումները պէտք է շարունակենք, եւ սա շատ կարեւոր է ընդհանրապէս բանակցութիւնները արդիւնաւէտ դարձնելու համար», – շեշտած է Հայաստանի վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեանը ընդգծած է՝ Ղարաբաղի մասնակցութեան հարցը օրակարգ բերելով իրենք ձեւաչափի փոփոխութեան հարց չեն դրած. ան յիշեցուցած է, որ մինչեւ 1998 թուականը Ղարաբաղը ներկայացուած եղած է բանակցային գործընթացին, իսկ 1998-էն ետք ալ Հայաստանը ներկայացուցած են մարդիկ, որոնք եղած են Ղարաբաղի առաջնորդներ։

«Այն փաստի բերումով, որ ես ծնունդով ղարաբաղցի չեմ եւ Ղարաբաղի լիտերներից մէկը չեմ եղել իմ կենսագրութեան որեւէ փուլում, ասւում է, որ, ահա, նոր հիմա Ղարաբաղը դուրս է մնացել բանակցային գործընթացից», – նշած է կառավարութեան ղեկավարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment