Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապրիլի Վերջին Շաբաթ Օրը Պիտի Նշուի Որպէս Քաղաքացիի Օր

Ապրիլի Վերջին Շաբաթ Օրը Պիտի Նշուի Որպէս Քաղաքացիի Օր

by MassisPost

ՀՀ Կառավարութեան որոշմամբ, Հայաստանի մէջ յետայսու ապրիլի վերջին Շաբաթ օրը պիտի նշուի որպէս «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի օր»: «Տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին օրէնքին» մէջ լրացում կատարելով՝ գործադիրը նաեւ աւելցուցած է՝ իսկ այն պարագային, երբ 1 Մայիսը կը համընկնի Շաբաթ օրուան, որպէս Քաղաքացիի օր կը նշուի Ապրիլի վերջին կիրակի օրը:

«Նախագծի ընդունման անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորուած է 2018 թուականի ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութիւնում տեղի ունեցած աննախադէպ քաղաքական իրավիճակով: Ստեղծուած բազմաթիւ ընկերային-տնտեսական, իրաւական եւ քաղաքական բնոյթի խնդիրների շուտափոյթ լուծման անհրաժեշտութեամբ օրեր շարունակ հազարաւոր քաղաքացիներ ցոյցերի եւ երթերի ձեւով իրենց պահանջներն էին ներկայացնում իշխանութիւններին: Համաժողովրդական շարժման արդիւնքներից մէկը եղաւ վարչապետի հրաժարականը եւ համաժողովրդական շարժման յաղթանակը», – նշուած է գործադիրի այսօրուան որոշման հիմնաւորման մէջ, ուր այնուհետեւ կը կարդանք․ – «Առաջարկուող կարգաւորումը հնարաւորութիւն կ’ընձեռնի հայոց պատմութեան մէջ նոր էջ բացած Հայաստանի Հանրապետութեան հազարաւոր քաղաքացիների կողմից իրականացուած համաժողովրդական շարժման առիթով սահմանել Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացու օր»:

Կառավարութեան որոշման ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ անդրադարձած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ գրելով. «Սա ոչ թէ նոր կառավարութեան, այլ ժողովրդի ու ժողովրդավարութեան յաղթանակի օրը պիտի լինի եւ պիտի դառնայ իրօք ժողովրդական տօն, այնպիսի տօն, ինչպիսին էր բուն յեղափոխութիւնը: Իսկ թէ յատկապէս ինչպէս է պէտք նշել այդ օրը՝ կարծում եմ պիտի որոշուի նաեւ հանրային, համացանցային քննարկումների արդիւնքում»:

Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան անդամ, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը կարեւորած է նման օր սահմանելը:

«Անցած տարուայ իրադարձութիւնները եւ էն օրը, որ պէտք է նշենք, Անկախութեան տօնից յետոյ երկրորդ ամենայիշարժան օրն է մեր նորանկախ պետութեան պատմութեան ընթացքում, եւ մենք դա արձանագրում ենք, բայց միեւնոյն ժամանակ չենք ֆիքսում ճիշդ օրը։ Ճիշդ օրը ֆիքսելու անհրաժեշտութիւնը, եթէ յաջորդ կառավարութիւնները կամ տարիներ անց որեւէ կառավարութիւն կը ցանկանայ, նոր կը ֆիքսի», – ըսած է Յարութիւնեանը։

«Ազատութեան» հարցին՝ «մամուլում գրւում էր, որ կապուած է Սերժ Սարգսեանի հրաժարականի օրուայ հետ՝ Ապրիլի 23-ին, մինչդեռ այսօր ընդունուած որոշման մէջ նշւում է ապրիլի վերջին շաբաթ օրը, Դուք կապո՞ւմ էք դա Սերժ Սարգսեանի հետ»,- նախարարը պատասխանած է. «Էս ժամանակացոյցով ապրիլի 23-ի հետ չի համընկնելու»։

Հարցին ալ, թէ ինչո՞ւ ընտրեցին Ապրիլի վերջին Շաբաթ օրը, Յարութիւնեանը արձագանգած է. «Որպէսզի լինի նաեւ հանգստեան օր, որպէսզի լրացուցիչ հանգստեան օր չունենանք, որովհետեւ Ապրիլ-Մայիսի միջնամասում էր տեղի ունեցել այդ իրադարձութիւնները, հիմնական իրադարձութիւնները ապրիլի վերջում էին, դրա համար ընտրեցինք։ Ես կարծում եմ, որ ամենամեծ, էսպէս, մասսայական միջոցառումները եղել են նաեւ Ապրիլի 23-ին, բայց նաեւ Մայիսի 2-ին»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment