Ուաշինկթընի մէջ կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Մ. Թրէյսիի երդման արարողութիւնը: Այս մասին կը տեղեկանանք Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան ֆէյսպուքի էջէն:
«Այս շաբաթ Լին Մ. Թրէյսին երդում տուաւ ծառայել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ որպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: Դեսպան Թրէյսին ԱՄՆ դիւանագիտական ծառայութեան աւագ քատրային դիւանագէտ է եւ Հայաստանի մէջ պիտի ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը: Անհամբեր կը սպասենք անոր Երեւանի մէջ»,- նշուած է ԱՄՆ դեսպանութեան էջին մէջ: