Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստը, որու ընթացքին քննարկուած են երկրի անվտանգութեան ոլորտին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:
«Պէտք է որոշակի եզրակացութիւններ անենք անվտանգային միջավայրում տեղի ունեցող զարգացումների շուրջ, ինչպէս նաեւ որոշումներ կայացնենք մեր անվտանգային յետագայ զարգացումների, ռազմավարութիւնների, մարտավարութիւնների վերաբերեալ», – ըստ վարչապետի պաշտօնական կայքէջին, նշած է Փաշինեանը:
Վարչապետի պաշտօնակատարը ընդգծած է, որ պէտք է այդ որոշումները իրագործելու յստակ ճանապարհային քարտէզ մշակել եւ ուղենշել գործողութիւններու յստակ ծրագիր: