Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Մինչեւ Այսօր Նման Ընտրութիւններ Չէր Ունեցած. ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ Դիտորդներ

Հայաստանը Մինչեւ Այսօր Նման Ընտրութիւններ Չէր Ունեցած. ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ Դիտորդներ

by MassisPost

Հայաստանը մինչեւ այսօր նման ընտրութիւններ չէր ունեցած, հրաւիրած ասուլիսի ժամանակ ըսած է ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ միջազգային դիտորդական առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Ուրսուլա Կաչէքը՝ ներկայացնելով ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններու վերաբերեալ իրենց գնահատականը:

«Եւ մեր գնահատականը հետեւեալն է՝ իշխանութիւնը իր պարտականութիւնը պէտք է իրականացնէ, որպէսզի բաւարարուի ժողովուրդի վստահութիւնը»,- ըսած է ան:

Կաչէքը աւելցուցած է, որ նախընտրական շրջանին ատելութեան, թշնամական յայտարարութիւններ եղած են, հռետորաբանութիւնը երբեմն այնքան ալ քաղաքակիրթ չէր, բայց ընդհանուր առմամբ այդ բոլորը մնացած են թոյլատրելի ու կենդանի քարոզարշաւի շրջանակէն ներս:

«Տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներ խօսած են սպառնալիքներու մասին, եւ մենք միշտ անոնցմէ ապացոյցներ պահանջած ենք: Մենք գտած ենք, որ եղած են վատ ճառեր, թշնամական յայտարարութիւններ, բայց մենք չենք տեսած որեւէ արտառոց բան այս քարոզարշաւի ընթացքին»,- ըսած է ան:

Կաչէքը նշած է, որ ուրախ պիտի ըլլար, եթէ այս ասուլիսէն ետք որեւէ ուժ կարենար այդ առումով նոր տեղեկութիւն յայտնել իրենց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment