Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարկանշային Թեկնածուներէն Ամենաշատ Քուէ Ստացած է Սասուն Միքայէլեանը

Վարկանշային Թեկնածուներէն Ամենաշատ Քուէ Ստացած է Սասուն Միքայէլեանը

by MassisPost

Համաձայն Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի հրապարակած արդիւնքներուն, 1287 տարածքային թեկնածուներէն ամենաշատ քուէ ստացած է «Իմ քայլէն» Սասուն Միքայէլեանը՝ 31 հազար 739, ամենաքիչը՝ ՕԵԿ-էն Աննա Մելիքբեկեանը՝ 6 ձայն։ Վարկանշային ցուցակներով ամենաշատ ձայներ ստացած են Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Իմ քայլը» դաշինքի պատգամաւորները։

Սասուն Միքայէլեանին կը յաջորդէ առաջին փոխվարչապետի պաշտօնակատար Արարատ Միրզոյեանը 25 հազար 550 քուէով, ապա Արտակարգ իրավիճակներու նախարարի պաշտօնակատար Ֆելիքս Ցոլակեանը՝ 24 հազար 172, Արարատի մարզպետ Գարիկ Սարգսեանը՝ 22 հազար 604 ձայն, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ալեն Սիմոնեանը՝ 21 հազար 812 ձայն, Նիկոլ Փաշինեանի եղբօրորդի Սիփան Փաշինեանը՝ 17 հազար 155 ձայն, Արագածոտնի մարզպետ Դաւիթ Գէորգեանը՝ 16 հազար 508 ձայն:

Եթէ զուգահեռներ տանինք 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ, վարկանշային ընտրակարգով ամենաշատ թիւով ձայներ հաւաքած էին այն ժամանակ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչները․ Արայիկ Գրիգորեանը հաւաքած էր աւելի քան 45 հազար ձայն, Կարէն Կարապետեանը՝ աւելի քան 44 հազար ձայն, Սամուէլ Ալեքսանեանը՝ աւելի քան 42 հազար ձայն:
Այս թեկնածուներէն որեւէ մէկը 2018-ին ՀՀԿ ցուցակով չէր առաջադրուած, իսկ ՀՀԿ-էն ամենաշատ ձայն յեղափոխութենէն ետք եղած արտահերթ ընտրութիւններուն հաւաքած է կուսակցութեան ցուցակը գլխաւորող Վիգէն Սարգսեանը՝ 4 հազար 87 ձայն, ապա ԱԺ պատգամաւոր Վահրամ Պաղտասարեանը՝ 2 հազար 660 ձայն, Լոռիի նախկին մարզպետ Արթուր Նալպանտեանը՝ 2 հազար 583 ձայն, ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը՝ 2 հազար 396 ձայն, Գալուստ Սահակեանի որդի Արման Սահակեանը՝ 1 հազար 961 ձայն, Էտուարտ Շարմազանուը՝ 1 հազար 663 ձայն։

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէարկութեան նախնական տուեալներով 2-րդ տեղը զբաղեցուցած ԲՀԿ վարկանշային թեկնածուներէն ամենաշատ ձայնը հաւաքած է Գագիկ Ծառուկեանի թիկնազօրի պետ, քրէական գործով անցնող Էտուարտ Պապայեանը, որ Կոտայքի մարզին մէջ 7 հազար 472 ձայն հաւաքելով յայտնուած է 50 ամենավարկանշային պատգամաւորներու շարքին, ուր, բացառութեամբ վերջինիս, բոլորը «Իմ քայլը» դաշինքէն են։
ԲՀԿ վարկանշային ցուցակի առաջատարներէն է Գիւմրիի նախկին քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանը՝ 3 հազար 198 ձայն։

Ժամանակին, բացառութեամբ ՀՀԿ-ի, բոլոր ուժերու կողմէ քննադատուած վարկանշային ընտրակարգը փոխելու հարցը կը շարունակէ մնալ արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքով ամենաշատ քուէ ստացած Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան օրակարգին վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment