Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Խաչատուրեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի 40-Ամեակի Բացառիկ Համերգը

Խաչատուրեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի 40-Ամեակի Բացառիկ Համերգը

by MassisPost

Գեղարուեստական ինքնուրոյն եւ բացառիկ համերգի մը ներկայ եղաւ լոսանճելոսահայ հայ երաժշտասէր խուռներամ հասարակութիւն մը Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, Ուրբաթ 9 Նոյեմբեր 2018:

Արդարեւ Խաչատուրեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի հիմնադրութեան 40-ամեակը նշելու եկած էին Արեւմտեան Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան նախկին առաջնորդ Գեր. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Հայաստանի Գուգարաց Թեմի առաջնորդ Գեր. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, թեմական վարչութեան ատենապետ Ժոզէֆ Կանիմեան, պոլսահայ երգահան Մաժակ Թօշիկեան եւ խուռներամ բազմութիւն մը:

Ներկաներուն բաժնուած յայտագիր գրքոյկին մէջ հակիրճ ծանօթագրութիւններով ամփոփուած էին իր երաժշտական կալուածին մէջ 40 տարիներու ծաւալած Խաչատուրեան Դպրաց Դաս երգչախումբի հայրենանուէր եւ եկեղեցանուէր հարուստ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ օրուան յայտագրի մասնակիցներու ամփոփ կենսագրութիւնը:

40-ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով Լիւսի Թաշճեան, իր բացման խօսքին մէջ սեղմ գիծերու մէջ դրուատեց Խաչատուրեան Դպրաց Դաս երգչախումբի անցնող տասնամեակներու փառայեղ ուղին եւ ապա շնորհակալական ջերմ խօսքերով ողջունեց ներկաները, իրենց անվերապահ աջակցութեան համար:

Յատուկ այդ երեկոյին համար գերարդիական սարքաւորումներով (ձայն-լուսաւորում եւ բեմահարթակ) օժտուած բեմին վրայ երկսեռ երգչախումբը ղեկավարութեամբ Ստեփան Կէօզիւմեանի սկսաւ իր յայտագրին: Առաջին անգամ ըլլալով երգուեցաւ Խաչատուրեան Երգչախումբի քայլերգը (խօսք Վարդան Քհնյ. Տիւլկէրեանի): Այնուհետեւ գերծադրուեցաւ գեղարուեստական ինքնուրոյն յայտագիր մը, սկսելով «Տեսնեմ Անին» հանրածանօթ երգէն: Նշենք նաեւ որ համերգի գրեթէ բոլոր կատարումներն ալ յօրինումներն էին պոլսահայ ժամանակակից տաղանդաւոր երգահան Մաժակ Թօշիկեանի: Համերգին ընկերակցող նուագախումբի գեղարուեստկաան ղեկավարն էր երգահան Արտաշէս Գարթալեան:

Շուրջ 15 կատարումներէ բաղկացած երգերուն մէջ ներառնուած բառերու հեղինակներէն ոմանք պոլսահայեր էին (Սուգիաս Գումրուեան, Մաքրուհի Յակոբեան, Իգնա Սարըասլան…): Երեւոյթ մը արդարեւ որ ինքնին խրախուսանք մըն է պոլսահայ մշակոյթի գործիչներու համար…: Տպաւորիչ էին Մաժակ Թոշիկեանի յօրինումներէն «Երեւան»ը (մեներգ Մանիկ Մանուկեան), «Նամակ»ը (մեներգ Ռաֆֆի Գերպապեան), «Մեր Լեզուն», «Աւետեաց Երկիր» (մեներգ Ալենուշ Եղնազար), բարձր գնահատանքի արժանացաւ «Սէր»ը (խօսք Մաքրուհի Յակոբեանի մեներգիչներ Մանիկ Մանուկեան եւ Ռաֆֆի Գերպապեան):

khatchaturyan-2

Ներկաներուն համար հաճելի անակնկալ մըն էր ունկնդրել նաեւ Մաժակ Թոշիկեանի յօրինած «Դարէ Դար Աղթամար» օրաթօրիոյէն երեք հատուածներ (խօսք Իգնա Սարըասլանի): Այս վերջինն իրապէս կոթողային գործ մըն էր, որուն համար կ՛արժէ առանձին համերգ մը սարքել երաժշտասէր հասարակութեան համար: Արդարեւ նման օրաթօրիոներ շատ հազուադէպ երեւոյթներ յղած են սփիւռքի հայ երգահաններու կողմէ (Օննիկ Պէրպէրեան, Սիրվարդ Գարամանուկ, Համբարձում Պէրպէրեան), իսկ վերջին տասնամեակներուն հայրենի տաղանդաւոր երգահան Հենրիկ Անասեան:

Համերգի աւարտին 40 ամեակի յանձնախուբմի ատենապետ Սիմոն Աճըիլաճօղլուն շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագրի մաս կազմող բոլոր արուեստագէտներուն որոնք ծաղկեփունջերով ու որոտընդոստ ծափերով ողջունուեցան ներկաներուն կողմէ:

Իր փակման խօսքին մէջ առաջնորդ Յովնան Սրբազան ի մէջ այլոց ըսաւ. «…Այս երեկոյթով պահ մը փոխադրուեցանք Հայաստան: Խաչատուրեան Դպրաց Դաս երգչախումբը, յատուկ համերգներով կը պանծացնէ հայ երգն ու երաժշտութիւնը: Իր Կոմիտասեան պատարագով մեզ կը վերացնէ եւ կը կապէ Աստուծոյ հետ: Այս երգչախումբը եղած է մեր փառքն ու պատիւը: Ամեակները մեր կեանքին մէջ հանգրուաններ են նոր թափով շարունակելու մեր գործը»: Սրբազանը առանձնապէս յիշեց նախկին առաջնորդ Վաչէ Արք.ի անունը, որուն քաջալերութեամբ հիմնուած էր այս երգչախումբը: Ան մէկ առ մէկ յիշատակեց նաեւ յայտագրի առաւել ճոխացման համար իրենց մասնակցութիւնը բերած տաղանդաւոր արուեստագէտներուն անունները, գլխաւորութեամբ վաստակաշատ խմբավար Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանի:

Վերջին ելոյթ ունեցողն էր հիւրաբար քաղաքս գտնուող Հայաստանի Գուգարաց թեմի առաջնորդ Գերշ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան: Այս պատմական համերգը գնահատելով ըսաւ «միայն նուիրեալ «խենթ»երն են որ ասանկ երեկոյ կրնան կազմակերպել»: Իր առաջարկով ներկաներու «Հայր Մեր» Տէրունական միաբերան աղօթքով աւարտին հասաւ սոյն պատմական բացառիկ միջոցառումը:

Շնորհաւորութիւններ եւ բարի երթ Խաչատուրեան դպրաց դաս երգչախուբին:
Գ. ՄՈԼՈՅԵԱՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment