Պաշտօնական Պաքուն հերքած է Ռուսաստանի ռազմական գերատեսչութեան ներկայացուցիչ Իկոր Քիրիլովի պնդումները, թէ Ատրպէյճանի տարածքին Փենթակոնի կողմէ վերահսկուող կենսաբանական տարրալուծարան կը գործէ:
«Ատրպէյճանի տարածքին գոյութիւն չունի որեւէ տարրալուծարան՝ վերահսկուող այդ պետութեան կողմէն»,- ըստ «Թուրան» գործակալութեան, ըսուած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսաստանի ռազմական գերատեսչութենէն վերջին օրերուն յայտարարած են, թէ ԱՄՆ կենսաբանական զէնք կը մշակէ եւ փորձարկումներ կ’իրականացնէ կարգ մը յետխորհրդային երկիրներու մէջ, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի, Ուքրաինիոյ եւ Ուզպեքստանի մէջ:
Ռուսաստանցի զինուորականները, մասնաւորապէս, կը պնդեն, որ Ատրպէյճանի մէջ այդպիսի 8 տարրալուծարան կը գործէ։