Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետի Խորհրդականը կը Յայտնէ որ, Տնտեսութեան Շահերէն կը Բխի Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Կայացումը

Վարչապետի Խորհրդականը կը Յայտնէ որ, Տնտեսութեան Շահերէն կը Բխի Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Կայացումը

by MassisPost

Հայաստանի տնտեսութեան շահերէն կը բխի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացումը, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Արսէն Գասպարեանը:

«Հայաստանի տնտեսական շահերից կը բխի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները, եւ, հետեւաբար, այդ պատկերը, որպէսզի ունենանք երկարաժամկէտ քաղաքական տեսլական, պէտք է ամբողջացուի, որովհետեւ, այո՛, գործարարները, որոնք ցանկութիւն ունեն, հետաքրքրուած են Հայաստանի հետ աշխատելու, նրանք հարցնում են ընտրութիւնների մասին, որը բնական է, քանի որ իրենք տեսնում են, որ գոյութիւն ունի խորհրդարան Հայաստանում, Հայաստանն էլ այսօր խորհրդարանական հանրապետութիւն է, եւ գոյութիւն ունի ժողովուրդ, որը դէմ է խորհրդարանին», – ըսած է վարչապետի գլխաւոր խորհրդականը։

Գասպարեանը յայտնուած էր ուշադրութեան կենդրոն, երբ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ եթէ խորհրդարանական ընտրութիւնները կայանան անգամ միւս տարի, այն որեւէ ազդեցութիւն պիտի չունենայ տնտեսութեան վրայ, արտահերթ ընտրութիւնները բացարձակապէս կապ չունին ներդրողներուն հետ:

«Դա առաջին հերթին ժողովրդի պահանջն է, որ արտահերթ ընտրութիւններ կայանան։ Տնտեսութեան վրայ բացարձակապէս ոչ մի ազդեցութիւն չի ունենայ, որովհետեւ Հայաստանում վիճակը կայուն է, եւ եթէ ընտրութիւններ են տեղի ունենում՝ լինի դա Հայաստանում, թէ որեւէ այլ երկրում, արտահերթ ընտրութիւնները բացարձակապէս կապ չունեն ներդրողների հետ», – ըսած էր Գասպարեանը։

Մինչդեռ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խումբը կը պնդէ՝ որքան ուշ կայանան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները, այնքան աւելի վատ Հայաստանի տնտեսութեան համար:

Արսէն Գասպարեանի յայտարարութիւնը չէր վրիպած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան մեծահարուստ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի աչքէն, որ իր անուան հետ կապուող «Կեդրոն» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ուղղակի մէջբերած այն. – «Այսօր ինքն այսպէս է ասում, իրա գլխաւոր օգնական Արսէն Գասպարեանն ասում է՝ «ի՞նչ կապ ունեն խորհրդարանական ընտրութիւնները ներդրումների հետ», բացէք կարդացէք»։

Վերադառնանք վարչապետի գլխաւոր խորհրդականի ասուլիսին. Գասպարեանի խօսքով՝ յեղափոխութենէն ետք օտարերկրեայ ներդրողները յատկապէս հետաքրքրուած են հայաստանեան ջրային միջոցներով, ջրամբարներու կառուցմամբ, տեղեկատուական թեխնոլոկիաներով, շինարարութեամբ, այլընտրանքային ուժանիւթով, գիւղատնտեսութեամբ, թեթեւ արդիւնաբերութեամբ եւ զբօսաշրջութեամբ:

«Ծաւալի մասին տարբեր են, այսինքն՝ ծրագրեր կան, գիտէք, գիւղատնտեսութիւնում, օրինակ, ծաւալը կարող է մէկը լինել, շինարարութեան մէջ՝ ուրիշ, բայց կան ընկերութիւններ, որոնք 50 միլիոն տոլար եւ աւել պատրաստ են ներդրումներ անել Հայաստանում։ Ընդհանուր ծաւալը դեռ հաշուել մի քիչ դժուար է եւ ճիշդ չի լինի, որովհետեւ պէտք է հասկանալ, ոլորտները բաժանել եւ տեսնել, թէ ամէն ոլորտում ինչպիսի ներդրումներ կարող են լինել եւ ինչ ծաւալի», – ըսած է Գասպարեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment