Հոկտեմբեր 2-ին կատարուեցաւ Կլէնտէլի «Արցախ» պողոտայի պաշտօնական անունակոչման ցուցատախտակի բացումը:
Առաւօտեան տեղի ունեցաւ քաղաքապետարանի կողմէ կազմակերպուած արարողութիւնը՝ որ ընթացքին հանդէս եկան քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, նահանգային ծերակուտականի Անթոնի Փորթանթինօ եւ Ուաշինկթընի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան:
Երեկոյան տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ Միացեալ Հայ Երիտասարդներու, որոնք այս ծրագիրի նախաձեռնողներն էին:
Տօնակատարութեան ընթացքի կատարուեցաւ նաեւ աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին նուիրուած հսկում: