Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հ.Բ.Ը.Մ. «Երուանդ Պապայեան» Մանկավարժական Հիմնարկ – Հայագիտական Առարկաներու Դասաւանդման Նուիրուած Խորհրդաժողովներու Շարք Ա.

Հ.Բ.Ը.Մ. «Երուանդ Պապայեան» Մանկավարժական Հիմնարկ – Հայագիտական Առարկաներու Դասաւանդման Նուիրուած Խորհրդաժողովներու Շարք Ա.

by MassisPost

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ՝ AGBU Yervant Babayan Institute of Pedagogy for Research and Development Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Պապայեան Մանկավարժական Հիմնարկ»ին, Շաբաթ, 22 Սեպտեմբեր, 2018ի կէսօրէ առաջ ժամը 9էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3. Փասատինայի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» երկրորդական վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական վարժարաններէն ներս հայերէն լեզու, պատմութիւն եւ կրօն դասաւանդող ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու յատուկ օգտաշատ աշխատանիստ խորհրդաժողով մը, նախաձեռնութեամբ եւ ղեկավարութեամբ ծանօթ դաստիարակ դոկտ. Սիլվա Գարայեանի:

Ներկայ էին հայկական վարժարաններու վերեւ նշուած նիւթերը դասաւանդող ուսուցչուհիներ, տնօրէններ, դաստիարակներ եւ հիւրեր, թիւով շուրջ երեսուն կրթական մշակներ:

Ձեռնարկին՝ բարի գալուստի եւ շնորհակալական բացման իր խօսքերէն ետք, դոկտ. Գարայեան նախ վեր առաւ հայ ուսուցիչի առաքելութիւնը, անոր՝ հայ աշակերտին հայերէն լեզուն սիրցնելու եւ նոր ու արդի մեթոտմիջոցներով դասաւանդելու եւ օգտագործելու այժմէականութիւնը եւ ապա մասնայատկեց օրուան ծրագիր յայտագիրը շեշտելով, որ Հիմնարկը յետ այսու նման սեմինարաշխատանիստ խորհրդաժողովներ յաջորդաբար ծրագրելով պիտի իրականացնէ, յանուն հայ աշակերտին՝ մեր մայրենի լեզուին նոր եւ արդիական ձեւերով ու կերպերով սորվեցնելու կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան՝ անշուշտ առանց բարդութեան ընկալման:

Նախ ներկաներուն ցուցադրուեցաւ Արեւմտեան Թեմի «Երուանդ Պապայեան» Շաբաթ օրեայ դպրոցի պատասխանատուներէն՝ Քաղցրիկ Մատոյեանի պատրաստած Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներու բեմականացած տեսաերիզը, կատարողութեամբ վարժարանի աշակերտներուն:

Ապա Լենա Էքմէքճեան «Մովսէս եւ Յովնան» անունով Սուրբգրային պատմութիւններու իր պատրաստած դասագիրքը ներկայացուց: Ան նաեւ պարզեց, որ Աստուածաշունչի 29 պատմութիւններու աղբիւրը կը գտնուի կամ զետեղուած է You Tubeի վրայ եւ որ կը կոչուի «Հայ Մանուկներ» կամ You Tube: Armenian Bible Stories For Children անունով:

Յովսէփեան վարժարանի ուսուցչուհիներէն՝ Լիզա Մանոյեան հմտօրէն ներկայացուց 21րդ դարու ամէնէն կարեւոր աշխատաձեւերէն՝ խմբային աշխատանքի որդեգրումը, արհեստագիտական միջոցներու օգտագործումով (Google Does օգտագործումով ), որուն միջոցով աշակերտները թէ՛ հայերէն կը տպեն, թէ՛ հայերէն լեզուի դասերն ալ համա կարգիչով կ՚ամբողջացնեն եւ թէ՛ ալ միասնաբար կը սորվին պատասխանել ընթերցուած պատմուածքին հարցումներուն: Մանոյեան, Ը. Կարգի իր երկու աշակերտներու ներկայութեամբ եւ աջակցութեամբ, ներկաներուն իր աշխատանքի ընթացքը պարզեց : Որդեգրում մը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ՝ մասնակիցներէն:

Մերտինեան վարժարանի ուսուցչուհիներէն Մայտա Մանոյեան-Բաբումեան յստակօրէն ներկայացուց հայերէնի բառագիտութեան ուսուցման միջոցը, համացանցի կայք մը օգտագործելով: Այս ձեւով աշակերտները շաբթուան դասի բոլոր բառերը կամ բառամթերքը, խաղերու միջոցով նախ կը սորվին եւ ապա նաեւ զանոնք հեշտութեամբ կը ստուգեն: Խաղը կը ծառայէ նաեւ հայերէն տուեալ բառերու ուղղագրութիւնն ալ սորվելու:

Հայ Քոյրերու վարժարանի միջնակարգի բաժնի հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցչուհի Լինտա Գանտիլեան շինիչ կերպով ներկայացուց «Արհեստագիտութիւնը հայերէն լեզուի դասաւանդման մէջ» նիւթը, համակարգիչի Power Pointի օժանդակութեամբ: Գանտիլեան նոյն ատեն օրինակներ բերաւ վարժարանէն ներս իրագործուած ծրագիրներէն՝ «Մշակոյթի ամիս», «Հայկական ճաշեր» եւայլն: Յայտնենք նաեւ, որ նոյն վարժարանէն ներկայ էին ուսուցչուհիներ՝ Մարօ Գույումճեան, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց վերամուտի յատուկ դասարանային իր աշխատանքը եւ Զուարթ Համանճեան:

Յատուկ խօսքով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Գէորգ Պետիկեան, որ նախ անդրադարձաւ հայ դպրոցի, հայ աշակերտի եւ հայ ուսուցիչի կապի մասին եւ շեշտեց հայ վրաժարանի էականութիւնը մեր ազգային ինքնութեան ամրապնդման եւ գիտակցութեան մէջ: Պետիկեան ուսուցչական ասպարէզէն ներս տարիներու իր փորձառութենէն մեկնած պարզեց նաեւ հայերէն լեզու դասաւանդելու զանազան նոր մեթոտները, հայ աշակերտին հպարտութիւն ներշնչելն ու անոր անհատական «ես»ը ազգային «մենք»ի վերածելու ձեւերն ու կերպերը ու ծանրացաւ ու շեշտաւորեց հայ ծնողքի եւ հայ ընտանեկան մաքուր մթնոլորտի դերակատարութեան վրայ՝ մեր ազգային կեանքէն ներս:

Դոկտ. Էլի Անդրիասեան անդրադարձաւ հայ ուսուցիչի վերապատրաստութեան կարեւորութեան ու նաեւ հայ աշակերտին նոր մեթոտներով մօտենալու էականութեան մասին: Ապա ան մեծապէս գնահատեց խորհրդաժողովի յաջող կազմակերպումը եւ ուսուցիչներուն անխոնջ ճիգերը՝ իբրեւ նոր սերունդին մէջ հայ ոգին սերմանողներ:

Քնարիկ Թիւթիւնճեան իր ուրախութիւնը եւ գնահատանքը արտայայտեց այս յաջող խորհրդաժողովին առիթով, իսկ Սեւան Տէր Պետրոսեան՝ ուսուցչուհի Հ.Բ.Ը.Մ. «Մանուկեան Տեմիրճեան» վարժարանի՝ որ ցարդ յաջողապէս կը գործածէ Armenian Virtuual College «Հայկական Համացանցային Համալսարան»ի ծրագիրը, յստակօրէն պարզեց սոյն ծրագրի գործադրումն ու օգտաշատ ընթացքը:

Ճաշի դադարէն ետք ելոյթ ունեցան Մանուկ Աւետիքեանը՝ USC Shoah Foundation կողմէ «Կրթութիւնը վկայութեան միջոցով: Հայոց Ցեղասպանութեան Ձայներ եւ Սեդա Անթէքէլեանը: Անոնք երկուքով պարզեցին վերջին տարիներուն USC Shoah Foundationի մէջ հայոց ցեղասպանութեան հաւաքածոներու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ I Witnessի ծրագրի մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց ին : Երկու խօսք առնողներն ալ հպարտօրէն պարզեց ին, թէ սոյն ծրագրի տեսողական պատմութեան արխիւը, որ ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւնները ըլլալով հանդերձ կը հանդիսանար աշխարհի ամէնէն մեծ բանաւոր պատմութեան արխիւը:

agbu-1

Իր կարգին Ալին Պզտիկեան՝ ուսուցչուհի Մերտինեան Վարժարանի, ներկայացուց մանուկներու համար պատրաստած իր գիրքերուն շարքը:

Պէտք է, ըսել, որ «Պապայեան հիմնարկ»ի կազմակերպած այս աշխատանիստ խորհրդաժողովը, որ ընդհանրապէս կ՚ընդգրկէր հայ դպրոցներէ ներս հայագիտական – լեզու, պատմութիւն, կրօն, առարականերու դասաւանդման մեթոտներու եւ կիրառկումներու մասին, դատելով ներկաներու բերանացի ակնարկնութիւններէն, հարցումներէն, առաջարկներէն եւ հրամցուած գործէլակերպերէն ու գնահատակններէն՝ մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ:

Այսպէս, պարզուեցան հայերէն լեզուի դասաւանդման զանազան որդեգրումներ, մեթոտներ, նոր եւ արդի կերպեր, որոնք թէեւ մեծապէս կը տպաւորեն հայ աշակերտը եւ կը կապեն նիւթին եւ ստեղծուած դասարանային մթնոլորտին, սակայն եւ այնպէս ժամանակն է, որ հրամցուած կերպերը միաձուլել, համարդել եւ հրամցուած կամ ցուցադրուած բոլոր կրթական ծրագրումները միաձուլել, միաժամանակ մեծապէս գնահատելով ցարդ տարուած բոլոր մեթոտներն ու աշխատանքները:

Խորհրդաժողովին նաեւ շեշտուեցաւ, թէ նկատելի երեւոյթ մըն է, որ հայոց լեզուի դասաւանդութեան համար մեր դպրոցներուն մէջ ծրագրային ժամերը նախակրթարանի կարիքներուն համեմատ նախատեսուած չեն լիովին, որուն հետեւանք, մեր յաջորդ սերունդները գոհացուցիչ ծանօթութիւն չեն ստանար հայոց լեզուի նկատմամբ: Ուստի դաստիարակէն կախեալ է ապագայ սերունդներուն որակն ու կարողականութիւնը:

Բնական է , որ լեզուի մատուցման ձեւը ամէն տեղ կը տարբերի որոշ չափով , սակայն հիմնականը պէտք չէ փոխուի : 21րդ դար կ՚ապրինք եւ կը հաւատամ, որ Կրթական այս հիմնարկը իր կարելին պիտի չխնայէ նման ծրագիրներու իրականացման աշխատանքներուն համար, որովհետեւ արդէն իսկ ան ունի իր ատաղձը, փորձառութիւնը, միջոցն ու մտածող ե՛ւ մտահոգ ե՛ւ իրականացնող միտքն ու կամքը եւ յարատեւելու կորովը:

Արդ, վարձքը կատար այս աշխատանիստին յաջողութեան նպաստող եւ ներկայ գտնուող հայ կրթական բոլոր մշակներուն եւ բոլոր անոնց որոնք նման օգտաշատ նախաձեռնութիւն մը իրականացուցին եւ ինչու չէ անպայման ու յատկապէս այս աշխատանիստը մտայղացող, ծրագրող եւ գործադրո՝ դոկտ. Գարայեանին:

Յիշենք, որ Հինարկի ծրագրէն ներս, այս խորհրդաժողովը առաջինն էր որ կ’իրականացուէր: Յաջորդին՝ Բ. Խորհրդաժողովի թուական ճշդուած էª 28 Մարտ, 2019:

Մինչ՝ նոր հանդիպում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment