Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռոպերթ Քոչարեանին Արգիլուած է Հեռանալ Հայաստանէն

Ռոպերթ Քոչարեանին Արգիլուած է Հեռանալ Հայաստանէն

by MassisPost

Յատուկ Քննչական Ծառայութիւնը իրաւունք ունի վերցնելու մեղադրեալի անձնագիրը։ Այս մասին Tert.am-ի հարցին, թէ ինչու Յատուկ քննչական ծառայութեան մօտ կը պահուի «Մարտի 1-ի» գործով մեղադրեալ, ՀՀ պաշտօնաթող նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի անձնագիրը, պատասխանած է Յատուկ քննչական ծառայութեան մամլոյ քարտուղար Մարինա Օհանջանեանը։

«ՅՔԾ-ը նման իրաւունք ունի»,- ըսած է ան՝ չմանրամասնելով վարոյթն իրականացնող մարմնի իրաւունքը։

Յատուկ քննչական ծառայութենէն նաեւ յայտնած են, որ ՅՔԾ քննիչի կողմէն որոշում կայացուած է մեղադրեալ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրել՝ ստորագրութիւն չհեռանալու մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment