Հայաստանի ոստիկանութեան նախկին պետ Վլատիմիր Գասպարեանի առանձնատան վերաբերեալ հրապարակման հիման վրայ քրէական գործ յարուցուած է, այս մասին հաղորդած է Յատուկ քննչական ծառայութիւնը:
«Hetq.am լրատուական կայքում հրապարակուած «Վլատիմիր Գասպարեանը 200 հազար տոլարով դարձել է 3 միլիոն տոլարանոց առանձնատան տէր» վերտառութեամբ յօդուածի հիման վրայ նախապատրաստուած նիւթերով ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութիւնում ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 178-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ 309-րդ յօդուածի 1-ին մասով յարուցուել է քրէական գործ` առանձնապէս խոշոր չափերով խարդախութիւն կատարելու եւ պաշտօնատար անձանց կողմից պաշտօնէական լիազօրութիւններն անցնելու առերեւոյթ յանցագործութեան դէպքերի առթիւ», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Կը կատարուի նախաքննութիւն: