Գերմանիոյ Վիսպատն քաղաքին մէջ Էրտողանի արձանը կանգնեցուելէ անմիջապէս ետք այն աղաւաղման ենթարկուած է որմէ ետք՝ արձանը հանուած է տեղական իշխանութիւններու կողմէ:
«Ալ Մայատին» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, գիշերով անակնկալ կերպով կանգնեցուած ոսկեայ արձանին կողքը մոմ մը եւ թուղթ մը դրուած է «մամուլի ազատութիւն» մակագրութեամբ:
Աղբիւրին համաձայն, Էրտողանի արձանը կանգնեցուած է «Վիսպատն 2018» փառատօնի ծիրին մէջ, որուն նշանաբանն է` «վատ լուրեր»:
Արձանը քննադատութիւններու ալիք բարձրացուցած է, որուն զուգահեռ անյայտ անձերու կողմէ հայհոյանքներ գրուած են անոր վրայ:
Պաշտօնական աղբիւրներ նշած են, որ քաղաքի իրաւասու մարմինները մամուլի ազատութեան խորհրդանիշ արձանի կանգնեցման արտօնութիւնը տուած ժամանակ տեղեակ չեն եղած, որ այն Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի արձանը պիտի ըլլար:
Քաղաքի բնակիչներէն ոմանք մտահոգութիւն յայտնած են, որ արձանը կրնայ սադրիչ դեր խաղալ եւ վնաս հասցնել Գերմանիա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն: