Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քոչարեանը Քաղաքական Դաշտ Վերադառնալու Բարոյական Իրաւունք Չունի. Սաքունց

Քոչարեանը Քաղաքական Դաշտ Վերադառնալու Բարոյական Իրաւունք Չունի. Սաքունց

by MassisPost

Ռոպերթ Քոչարեանը որեւէ բարոյական իրաւունք չունի քաղաքական դաշտ վերադառնալու, քանի դեռ պատասխանատուութիւն չէ կրած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն դէմ կիրառուած պետական ահաբեկչութեան համար, «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցը։

«Ազատութիւն»-ը հետաքրքրուած է իրաւապաշտպանէն, թէ Քոչարեանի գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան մէջ «կարելի՞ է Ռոպերթ Քոչարեանի` քաղաքական դաշ վերադառնալու ենթաթեքստ տեսնել»։

«Ժամանակին բազմիցս իր նախագահութեան ժամկէտն անփառունակ աւարտելուց յետոյ Ռոպերթ Քոչարեանը բազմիցս է փորձել քաղաքական դաշտ վերադառնալ եւ բազմիցս, անձամբ նաեւ ես, բնականաբար, արտայայտել եմ իմ խիստ բացասական վերաբերմունքը, մեղմ ասած, որ Ռոպերթ Քոչարեանը որեւէ բարոյական իրաւունք չունի վերադառնալու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական դաշտ, քանի դեռ պատասխանատուութիւն չի կրել Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների դէմ կիրառուած պետական ահաբեկչութեան, այդ յանցագործութեան համար եւ պետութեան դէմ կատարած բազմաթիւ ծանր յանցագործութիւնների համար, որոնց ուղղութեամբ յոյսով եմ, որ քննութիւնը կ’իրականացուի», – ըսած է իրաւապաշտպանը։

Սաքունցը վստահ է՝ այն, որ Ազգային ժողովի 46 պատգամաւորներ ստորագրեցին Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու միջնորդութեան համար, եւս կը վկայէ, որ ան այդքան շրջանակի մօտ իր ազդեցութիւնը ունի։

«Այն, որ Ազգային ժողովի 46 պատգամաւորներ ստորագրեցին խափանման միջոցը փոխելու միջնորդութեան համար, սա եւս վկայում է, որ այդքան շրջանակում ունի ազդեցութիւն, բայց հանրութեան շրջանակում, քաղաքական դաշտում Ռոպերթ Քոչարեանը, Սերժ Սարգսեանը ընդհանրապէս Հանրապետական կուսակցութիւնը պէտք է մոռանան որեւէ ազդեցութիւն ունենալուց», – ըսած է իրաւապաշտպանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment