Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սէյրան Օհանեան Հարցաքննուած է Բանակի Մէջ Տեղի Ունեցած Չարաշահումներու Գործով

Սէյրան Օհանեան Հարցաքննուած է Բանակի Մէջ Տեղի Ունեցած Չարաշահումներու Գործով

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան երկու օր առաջ որպէս վկայ հարցաքննուած է իր ղեկավարման տարիներուն բանակի մէջ տեղի ունեցած չարաշահումներու գործով, «Ազատութեան» հետ զրոյցին փոխանցած է ինք՝ Օհանեան:

«Ազատութեան» հարցին՝ ինչի՞ շուրջ էր հարցաքննութիւնը, պաշտպանութեան նախկին նախարարը պատասխանած է․ – «Նախաքննական ընթացակարգերէն ելլելով՝ այդ հարցին ես չեմ կարող պատասխանել: Այն առընչւում էր բանակի գործունէութեան»:

Պետական եկամուտներու կոմիտէն մէկ շաբաթ առաջ յայտարարած էր, որ 2014-էն 2017-ի ընթացքին Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ գնումներու եւ բանակաշինութեան ոլորտներու մէջ առկայ չարաշահումներու վերաբերեալ քրէական գործով մեղադրանք առաջադրուած է բարձրաստիճան երկու զինուորականի, անոնք չեն կալանաւորուած:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած էր, որ բանակի մէջ չարաշահումներու այդ գործով հարցաքննութեան կանչուած են ՊՆ նախկին ու ներկայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, նաեւ այդ տարիներուն պաշտպանութեան նախարարութիւնը ղեկավարած Սէյրան Օհանեան: Նախկին նախարարի հարցաքննութեան մանրամասներ ՊԵԿ-էն չհաղորդեցին:

Ապրիլեան պատերազմի օրերուն Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ղեկավարած Սէյրան Օհանեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին վստահեցուցած է՝ ինքը տեղեակ չէ եղած, որ քառօրեայի ժամանակ բանակին ուղարկուած օգնութեան մաս մը ոչ թէ առաջնագիծ գացած է, այլ զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի առանձնատուն: Օհանեան պնդած է, որ նաեւ Ղարաբաղի իշխանութիւնները պէտք է պարզաբանեն, թէ ինչ ճանապարհով կարող էր իւրացուիլ բանակի ունեցուածքը:

Ղարաբաղեան կողմը Օհանեանի յայտարարութիւնը «անհասկանալի» որակած էին, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Պապայեան ըսած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային ղարաբաղեան կողմը պատրաստ է աջակցելու գործի քննութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment