Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Զինուորական Պահածոներ Յայտնաբերուած էն Նաեւ Մանուէլ Գրիգորեանի՝ Ղարաբաղեան Գտնուող Առանձնատան մէջ

Զինուորական Պահածոներ Յայտնաբերուած էն Նաեւ Մանուէլ Գրիգորեանի՝ Ղարաբաղեան Գտնուող Առանձնատան մէջ

by MassisPost

Մանուէլ Գրիգորեանին պատկանող՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող առանձնատան մէջ եւս «Զինուորի բաժին» մակագրութեամբ մեծ քանակութեամբ միսի պահածոներ եւ այլ ապրանքներ յայտնաբերուած են, հաղորդած է յատուկ քննչական ծառայութիւնը:

«Յատուկ քննչական ծառայութեան եւ ՀՀ ԱԱԾ համագործակցուած միջոցառումներու որպէս արդիւնք ստացուած տեղեկութիւններու հիման վրայ իրաւական օգնութիւն ցոյց տալու մասին միջնորդութիւն ուղարկուած է Արցախի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններուն, որու շրջանակներու մէջ 2018 թուականի 20 յունիսի առաւօտեան խուզարկութիւն կատարուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N զօրամասին հարակից` «Արա Լեռ» կոչուող տարածքի մէջ գտնուող, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանին պատկանող առանձնատան մէջ:

Նախօրէին դատարանը բաւարարած էր Մանուէլ Գրիգորեանը կալանաւորելու միջնորդութիւնը: Նոյն օրը, աւելի վաղ, Ազգային ժողովը Մանուէլ Գրիգորեանը զրկած էր պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն: Գրիգորեան ձերբակալուեցաւ, ապա կալանաւորուեցաւ անոր պատկանող պահեստներու մէջ ԱԱԾ-ի կողմէ իրականացուած խուզարկութիւններէն ու խայտառակ բացայայտումներէն ետք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment