Անցնող Հինգշաբթի Մայիս 17, 2018, Կլենտէյլ քաղաքի գրադարանի հանդիսասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ իր բնոյթով ինքնատիպ եւ շահեկան դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր վերլուծութիւն «Հայաստանի այժմու ընկերային զարգացման մասին»:
Շրջանիս Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ կազմակերպուած յիշեալ միջոցառումի հովանաւորն էր Կլենտէյլի գլխաւոր գրադարանի վարչութիւնը:
Գրադարանի պատասխանատուներէն Էլիզապէթ Գրիգորեան, իր բացման խօսքին մէջ, ողջունեց տարբեր կազմակերպութիւններ ներկայացնող ընտրանի հասարակութիւնը եւ անհատ անձնաւորութիւնները: Ան ըսաւ թէ գրադարանի արուեստի եւ մշակոյթի բաժանմունքը` նման միջոցառումներով, կը միտի հանրութեան ծանօթացնել համաշխարհային մակարդակի վրայ շահեկան նկատուող նիւթեր:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան հանդիսավարն ու համադրողը Հայկական Համաժողովի Գալիֆորնիոյ Գրասենեակի տնօրէն Միհրան Թումաճանը: Իր տուած կենսագրական ծանօթութիւններէն իմացանք որ Դոկտ. Ներսէս Գօբալեան Լաս Վեկասի Նեվատա Համալսարանին քաղաքական գիտութիւններու դասախօս է: Իր մասնագիտութեան ծիրին մէջ ընդգրկուած է միջազգային յարաբերութիւններ, քաղաքական տեսութիւնը, առարկութեան կառուցուածք, փիլիսոփայական գիտութիւն: Հեղինակ է քանի մը ուսումնասիրութիւններու: Ներկայիս հետազօտական աշխատանք կը տանի քաղաքական բռնութիւնն ու ահաբեկչութիւնը եւ անոնց մեծ ազդեցութիւնը հոսանքներու յարաբերութեանց վրայ, Կովկասն ու Եւրասիան եւ ալ բնագաւառներ: Ներկայիս փոխ ատենապետն է Լաս Վեկասի Հ.Բ.Ը. Միութեան:
Յարգելի դասախօսը ընդգծեց Հայաստանի այժմու վարչակարգի վերջին տասնամեակի ընթացքին արձանագրած բազմատեսակ բացթողումները, որոնք պատճառ դարձած են երկրի տարբեր ոլորտներու մէջ արձանագրուած ոչ ցանկալի արդիւնքներու եւ զանգուածային դժգոհութիւններու: Դոկտ. Ն. Գօբալեան շեշտեց գործազրկութեան, աղքատութեան եւ արտագաղթի ահաւոր վիճակի տուն տուող պատճառները, ինչպէս նաեւ հանրապետական կուսակցութեան եւ այլ հասարակական կազմակերպութիւններու փոխ-յարաբերութեանց հետ առնչուող վիճելի հարցերը:
Եզրակացնելով իր ելոյթը Ն. Գոբալեան յարեց. Հայաստանը իր ներկայ մռայլ վիճակէն դուրս բերելու համար պէտք է որ դառնայ օրէնքի երկիր: Հիմնական դարմանը` կառչած մնալ եւ գործադրել երկրի օրէնքները: