Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Քրէական Գործ Յարուցած է Սամուէլ Ալեքսանեանի «Ալեքս Հոլտինկ» Ընկերութեան Դէմ

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Քրէական Գործ Յարուցած է Սամուէլ Ալեքսանեանի «Ալեքս Հոլտինկ» Ընկերութեան Դէմ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին առընթեր ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, շարունակելով հետեւողական պայքարը փտածութեան եւ տնտեսական բնոյթի  յանցագործութիւններու դէմ, իր գործառոյթներու իրականացման շրջանակներու մէջ ձեռնարկուած հետախուզական միջոցառումներու եւ քննչական գործողութիւններու որպէս արդիւնք բացայայտած է հարկերու վճարումէն խուսափելու նպատակով հայաստանեան խոշորագոյն տնտեսվարողներու կողմէ մշակուած եւ գործունէութեան ընթացքին տեւական ժամանակ կիրառուած ծրագիր, որու իրագործման համար օգտագործուած են հարիւրաւոր քաղաքացիներու անուամբ հիմնադրուած, փաստացի կեղծ ձեռնարկատիրութիւն իրականացնող  ԱՁ-ներ։

Ձեռք բերուած նախնական տուեալներով պարզուած է, որ «Ալեքս Հոլտինկ» ՍՊ ընկերութիւնը, հանդիսանալով աւելացուած հարկ վճարող կազմակերպութիւն, դեռեւս 2016 թուականի վերջին, տեղական գիւղմթերքի գնաճ չառաջացնելու պատրուակով, համաձայնութիւն ձեռք բերած է ՀՀ ՊԵԿ նախկին ղեկավարութեան հետ` գիւղացիներէն գնուած գիւղմթերքի վաճառքը «Երեւան Սիթի» սուբերմարկէթներու ցանցէն իրականացնել  տարբեր անձանց անուամբ հիմնադրուած ԱՁ-ներով, որոնց իրացման շրջանառութեան սահմանաչափը 115 միլիոն ՀՀ դրամ է, որ հնարաւորութիւն կ’ընձեռնէ 20 տոկոս ԱԱՀ-ի եւ շահութահարկի  փոխարէն վճարել ընդամէնը 2 տոկոսի չափով շրջանառութեան հարկ: Այնուհետեւ, «Ալեքս Հոլտինկ» ՍՊ ընկերութեան ղեկավար կազմը, մինչեւ 2018 թ. մայիս ամիսը ներառեալ ժամանակահատուածի մէջ, ինչպէս իրենց ընկերութեան աշխատակիցներու, այնպէս ալ վերջիններուս ընտանիքներու անդամներու եւ ծանօթներու անուամբ, հիմնականին նոյն նոտարի մօտ, գրանցած են 461 ԱՁ-ներ, որոնք գործունէութիւն ծաւալած են «Երեւան Սիթի» սուբերմարկէթներու ցանցի մէջ: Ընդ որում, անոնց մէկ մասը գրանցուած են առանց քաղաքացիներու գիտութեան՝ օգտագործելով «Ալեքս Հոլտինկ» ՍՊ ընկերութեան մէջ պահուող անոնց անձը հաստատող փաստաթղթերը կամ անոնց պատճէնները։ Երբ ԱՁ-ներու շրջանառութիւնը հասած է 115 միլիոն ՀՀ դրամի շեմին, գործունէութիւնը դադրեցուած կամ լուծարուած է, որմէ յետոյ օգտագործուած են նոր գրանցուած այլ ԱՁ-ներ։

Օգտուելով ՀՀ ՊԵԿ նախկին ղեկավարութեան կողմէ առանց իրաւական հիմքերու, կամայական, ոչ օրինաչափ իրենց ընձեռուած հնարաւորութենէն` «Ալեքս Հոլտինկ» ՍՊ ընկերութիւնը, բացի տեղական գիւղմթերքէն, վերը նշուած ԱՁ-ներու անուամբ իրացուցած է նաեւ բազմաթիւ այլ ապրանքատեսակներ, ինչպէս նաեւ ներկրուած գիւղմթերք, որոնց համար եւս վճարուած է միայն շրջանառութեան հարկը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment