Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պրիճիթ Պրինկ․ «Միացեալ Նահանգները կը Շարունակէ Գործակցել Հայաստանի Կառավարութեան և Ժողովուրդին Հետ»

Պրիճիթ Պրինկ․ «Միացեալ Նահանգները կը Շարունակէ Գործակցել Հայաստանի Կառավարութեան և Ժողովուրդին Հետ»

by MassisPost

Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով ԱՄՆ պետքարտուղարի փոխտեղակալ Պրիճիթ Պրինկը 27-28 Մայիսին  այցելած էր Հայաստան՝ հանդիպումներ ունենալու նոր կառավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ, հաղորդած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ իր առաջին հանդիպման ընթացքին Պրիճիթ Պրինկը շնորհաւորած է այդ պաշտօնին ընտրուելու եւ իշխանութեան խաղաղ փոխանցման համար: Ան ողջունած է վարչապետի ստանձնած յանձնառութիւնը՝ ուղղուած կոռուպցիայի (փտածութիւն) դէմ պայքարին, եւ առաջարկած է ԱՄՆ-ի շարունակական աջակցութիւնը հակակոռուպցիոն աշխատանքներու մէջ, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Պետքարտուղարի փոխտեղակալը արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ քննութեան ենթարկած է երկկողմ յարաբերութիւններու շարք մը հարցեր: Ան շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգները յանձնառու է աշխատիլ նոր կառավարութեան հետ՝ երկկողմ կապերու ամրապնդման եւ դէպի Հայաստան յաւելեալ ամերիկեան ներդրումներու ներգրաւման ուղղութեամբ: Պրինկը նկատած է, որ Հայ-ամերիկեան միջկառավարական աշխատանքային խումբը կրնայ հարթակ հանդիսանալ նպատակներու փոխադարձ առաջխաղացման հարցին մէջ իրական տեղաշարժեր ապահովելու համար:

Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը նշած է, որ Միացեալ Նահանգները որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ պիտի շարունակէ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ բանակցային կարգաւորման եւ կողմերու հետ աշխոյժօրէն պիտի աշխատի Մինսկի խումբի գործընթացի շրջանակի մէջ խաղաղ լուծում գտնելու ուղղութեամբ:

«Պետքարտուղարի փոխտեղակալ Պրինկը իր շնորհաւորանքները կը հղէ Հայաստանի կառավարութեան ու ժողովուրդին Առաջին հանրապետութեան 100-ամեայ յոբելեանի առթիւ», – ըսուած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment