Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քնեսեթի Խօսնակը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Նախագիծի Քուէարկութիւնը Հանած է Օրակարգէն

Քնեսեթի Խօսնակը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Նախագիծի Քուէարկութիւնը Հանած է Օրակարգէն

by MassisPost

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախագիծի քուէարկութեան հարցը 28 Մայիսի դրութեամբ ընդգրկուած չէ Իսրայէլի խորհրդարանի օրակարգի մէջ: Այս մասին յայտնած է Jerusalem Post-ը:

Նշուած է, որ Քնեսեթի խօսնակ Եուլի Էտէլշտէյնը հարցը հանած է օրակարգէն: Անոր մամուլի քարտուղարը, պարզաբանելով տեղի ունեցածը, նշած է, որ Քնեսեթի խօսնակը այդ քայլը առած է՝ մտավախութեան պատճառով, որ պարզ չէր, թէ արդեօք մեծամասնութիւնը կողմ կ’ըլլայ նախագիծի ընդունման:

Պարբերականը յիշեցուցած է, որ անցած տարիներու ընթացքին Եուլի Էտէլշտէյնը բազմիցս կողմ արտայայտուած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար, նոյնը ըրած է նաեւ անցեալ շաբթուան ընթացքին:

Քնեսեթի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի ընդգրկումը տեղի ունեցաւ Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւններու սրման հերթական փուլի մէջ, Երուսաղէմի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան բացումէն յետոյ բախումներու հետեւանքով, որուն զոհ գացին քանի մը տասնեակ պաղեստինցիներ:

Հայկական շրջանակներու մէջ Իսրայէլի այս որոշումը՝ հարցը ընդգրկել Քնեսեթի մէջ, բացասական արձագանգ ունեցաւ այն առումով, որ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը մանրադրամ դարձած է հրէական պետութեան համար՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մէջ: Առաւել եւս մէկ պետութեան պարագային, որ վերապրած է ցեղասպանութիւն:

Բացի այդ, հայկական շրջանակներու մէջ Իսրայէլի այդ որոշումը մեկնաբանուեցաւ որպէս պաղեստինցիներու ջարդը «ծածկելու» միջոց, երբ Թուրքիան Թել-Աւիւը մեղադրեց ցեղասպանական գործողութիւններ իրականացնելու մէջ, Իսրայէլն ալ հակադարձեց հայերու օրինակով:

Իսրայէլը, յիշեցնենք, Ատրպէյճանին զէնքի հիմնական մատակարարներէն է, աւելին՝ իսրայէլցի մասնագէտները զէնքերը կը փորձարկեն անձամբ, հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment