Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Մէջ Մեկնարկած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Նիստը

Երեւանի Մէջ Մեկնարկած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Նիստը

by MassisPost

Ուրբաթ օր ՀՀ Նախագահի նստավայրին մէջ  տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու 27-րդ համատեղ նիստը:

Նիստին մասնակցած են Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակո Սահակեանը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։

«Բարեգործութեան եւ նուիրատուութեան մասին մտածելիս, ես կարծում եմ, որ պէտք չէ անպայման նայել դէպի Սփիւռք։ Բարեգործութիւնն իր աղբիւրները պէտք է ունենայ ե՛ւ Հայաստանում, ե’ւ Արցախում, ի հարկէ ե’ւ կայ, սակայն համաձայն եմ, որ բարեգործութիւնը, որը բուն հայաստանեան ծագում ունի, բաւարար չէ։ Ե՛ւ կառավարութիւնը, ե’ւ նախագահականը պէտք է ամէն ինչով աջակցեն, որպէսզի հայկական բարեգործութիւնն ունենայ շատ աւելի մեծ չափեր իր հայաստանեան մասով», – ըսած է նախագահ Արմէն Սարգսեանը։

armenia-fund-3

Նիկոլ Փաշինեան . «Հայաստան» Հիմնադրամը ՀՀ Իշխանութեան Նկատմամբ Սփիւռքի Վստահութեան Ցուցիչն է

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան նկատմամբ Սփիւռքի վստահութեան ցուցիչ, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Ըստ վարչապետի, հիմնադրամը ստեղծման օրէն նեցուկ դարձած է Հայաստանի նորաստեղծ հանրապետութեան:

Կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն կարեւորագոյնը, ինչպէս Փաշինեանը յայտարարած է, քաղաքացիներուն եւ հայ ժողովուրդի յաղթանակի զգացումը պահպանելն է, շարունակելն է եւ անոր մշտական բնոյթ տալը:

Փաշինեանը ընդգծած է՝ կառավարութիւնը արդէն իսկ ճշգրիտ քայլեր  ձեռնարկած  է այս ուղղութեամբ եւ ունի յաջողութիւններ:

armenia-fund-2

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, վարչապետի խօսքով, պէտք է ապահովէ հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու բնականոն զարգացումը, հայ ժողովուրդը պէտք է ապահովէ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը եւ բնականոն զարգացումը:

«Եւ ուրեմն, մենք շարժւում ենք այդ ճանապարհով, մենք շարժւում ենք դէպի ազատ եւ երջանիկ Հայաստան, եւ մենք համոզուած ենք, որ արդէն իսկ կարեւոր անկիւնաքարեր դրած ենք այդ շինութեան կառուցման ճանապարհին: Մենք համոզուած ենք, որ այս գործընթացն անշրջելի է եւ որ այս նպատակի ճանապարհին հայ ժողովուրդը, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին յաղթել է: Այդ յաղթանակն անշրջելի է եւ այն դառնալու է շարունակական: Շնորհակալ եմ», – յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment