Home Uncategorized Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանը Հատած Պանկլատէշցի 6 Քաղաքացիներ Կալանաւորուած են

Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանը Հատած Պանկլատէշցի 6 Քաղաքացիներ Կալանաւորուած են

by MassisPost

Մայիս 8, 2018ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէն հաղորդագրութիւն տարածուած էր, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանը հատելու ժամանակ ձերբակալուած են Պանկլատէշի 6 քաղաքացիներ, որոնք յանձնուած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան:

ՀՀ վարչապետին առընթեր ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան մէջ դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործով ձեռք բերուած նախնական տուեալներու համաձայն՝ 8 Մայիսի 2018 թուականի` կէսգիշերը անց, Պանկլատէշի Ժողովրդական Հանրապետութեան 6 քաղաքացիներ ՀՀ ՊՆ զօրամասի մարտական դիրքի հարակից հատուածով հատած են հայ-ատրպէյճանական (Նախիջեւան) սահմանը, որմէ յետոյ բռնուած են հերթապահութիւն իրականացնող ՀՀ ՊՆ զինծառայողներու կողմէ:

Նշուած անձինք ցուցմունքներ տալով յայտարարած են, որ աշխատանք գտնելու նպատակով մտադրութիւն ունեցած են Պարսկաստանի տարածքով անցնիլ Թուրքիա, սակայն մոլորուելով պատահաբար յայտնուած են Հայաստան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment