Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Խորհրդարանը Մերժած է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Մերժած է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւը

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահութիւնը մերժած է ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը»  (HDP-ԺԴԿ) ներկայացնող պոլսահայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը:

«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, օրէնքի նախագիծի մերժման մասին Փայլանին գրաւոր տեղեկացուցած է խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քահրամանը՝ որպէս մերժման հիմնաւորում նշելով, որ Փայլանի ներկայացուցած օրէնքի նախագիծը կը պարունակէ «կոպիտ եւ վիրաւորական խօսք»:

Ըստ Քահրամանի՝ օրէնքի նախագիծի անուանման եւ բնաբանի մէջ առկայ են մեղադրանքներ Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ թուրք ազգի պատմութեան եւ ազգի նկատմամբ, մասնաւորապէս,  թուրք ազգը կը մեղադրուի ցեղասպանութիւն գործելու մէջ: Քահրամանը ընդգծած է, որ նման արտայայտութիւնները վիրաւորանք են երկրի հանդէպ եւ կը հակասեն ազգային գիտակցութեան ու պատմութեան:

Ազգային ժողովի նախագահը աւելցուցած է, որ նախագիծը վերադարձուած է պատգամաւորին անհրաժեշտ ուղղումներ կատարելու համար:

Փայլանը  20 Ապրիլ 2018-ին Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուցած էր «1915 եւ անկէ յետոյ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն ճանչնալու, մեղաւորներու անունները հասարակական վայրերէն հանելու եւ տուժողներուն Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն շնորհելու» մասին օրէնքի նախագիծը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment