Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Արցախի մէջ յայտարարած է, որ ամէն ջանք պիտի գործադրուի, որպէսզի Արցախը վերադառնայ բանակցային սեղանի շուրջ:
Ստեփանակերտի մէջ լրագրողները ասուլիսի ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանին հարց տուած են, թէ ի՞նչ քայլեր պէտք է ընել անոր հասնելու համար:
«Մենք պէտք է շատ յստակ պատասխանենք մի հարցի՝ մենք ուզո՞ւմ ենք հարցը լուծել, թէ՞ չենք ուզում: Եթէ միջազգային հանրութիւնը, այդ թւում՝ Ատրպէյճանը ուզում են լուծել Արցախի հարցը, անտրամաբանական է, որ քննարկւում է մի ֆորմատով, որով այդ հարցը չի կարող լուծուել: ՀՀ-ն նոյնպէս հակամարտութեան կողմ է եւ լիարժէք կը խօսի իր անունից: Արցախի Հանրապետութեան անունից պէտք է խօսի Արցախի Հանրապետութիւնը՝ ի դէմս իր նախագահի»,- ըսած է Փաշինեանը:
Ինչ կը վերաբերի հիմնախնդիրի խաղաղ հանգուցալուծման, ան նշած է, որ հայկական կողմերը միշտ ալ խաղաղ հանգուցալուծման կողմնակից են, Ատրպէյճանը մշտապէս կ’օգտագործէ ռազմատենչ հռետորաբանութիւն:
«Խնդիրը հետեւեալի մասին է, նորից եմ կրկնում, մենք ուզո՞ւմ ենք լուծել խնդիրը, թէ ոչ: Իսկ խնդիրի լուծման ամենակարեւոր կոմպոնենտը (տարր) ճիշդ ձեւաչափով բանակցութիւններն են»,- ըսած է ան: Իսկ ճիշդ ձեւաչափը, ըստ Փաշինեանի, այն է, որ հակամարտող կողմերէն մէկը՝ Արցախի Հանրապետութիւնը պէտք է ըլլայ բանակցութիւններու մէջ:
Անդրադառնալով փոխզիջումներուն՝ Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, որ քանի դեռ Ատրպէյճանը կ’օգտագործէ ռազմատենչ հռետորաբանութիւն, այդ մասին խօսք չի կրնար ըլլալ: Ատրպէյճանէն պէտք է յստակ ուղերձ ըլլայ, որ Պաքուն կը ճանչնայ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:
Ըստ Փաշինեանի՝ Արցախի խնդիրը ծագած է, երբ Ատրպէյճանը ոչ միայն ի վիճակի չէ եղած ապահովել ԼՂ ինքնավար մարզի հայ բնակչութեան նուազագոյն իրաւունքները, այլ նաեւ ուղիղ սպառնալիք ստեղծած է անոնց կեանքի ու ինքնութեան իրաւունքի նկատմամբ:
Ստեփանակերտի մէջ յարգած են Մեծ Հայրենական պատերազմին զոհուածներու յիշատակը
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Յաղթանակի տօնի, պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման 26-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական միջոցառումներուն այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ դրած զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ Արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն:
Այնուհետեւ Արցախի եւ Հայաստանի ղեկավարները ուղեւորուած են Շուշի, ուր ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ դրած են տանկ-յուշարձանի պատուանդանին եւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին, ներկայ եղած են դրամի թանգարանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Միջոցառումներուն մասնակցած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, ԱՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, պետնախարար Արայիկ Յարութիւնեանը, Արցախի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հիւրեր սփիւռքէն եւ արտերկրէն: