Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քոնկրէսի Հելսինքիի Յանձնաժողովը կը Պահանջէ Պատժել Պաքուն՝ Մարդու Իրաւունքներու Շարունակական Խախտումներու Համար

Քոնկրէսի Հելսինքիի Յանձնաժողովը կը Պահանջէ Պատժել Պաքուն՝ Մարդու Իրաւունքներու Շարունակական Խախտումներու Համար

by MassisPost

Ժամանակն է, որ Արեւմուտքը պատժամիջոցներ սահմանէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու նկատմամբ՝ մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան շարունակական ոտնահարման համար: Ընդհանուր առմամբ՝ այս էր ամերիկեան Քոնկրէսի Հելսինքիի յանձնաժողովի նախօրէին կազմակերպուած լսումներու հիմնական թեման:

Հեղինակաւոր այս յանձնաժողովը, որու կարծիքը ծանրակշիռ ազդեցութիւն ունի ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան վրայ, հրաւիրած էր իրաւապաշտպաններ ու փորձագէտներ, պարզելու՝ առաջին հանրապետութեան հռչակումէն հարիւր տարի անց ի՞նչ վիճակի մէջ է ժողովրդավարութիւնը Ատրպէյճանի մէջ: Գնահատականը միանշանակ էր՝ Պաքուն Հարաւային Կովկասի վերջին վարչակազմն է, որ բռնազաւթած է իշխանութիւնը՝ համատարած կերպով ոտնահարելով մարդու իրաւունքները:

«Քաղաքական բանտարկեալներու, անոնց հարազատներու, ամէն օր բռնութեան ու ճնշումներու ենթարկուող ատրպէյճանցիներու անունով ես կը կը մեղադրեմ Իլհամ Ալիեւը ընտրութիւնները կեղծելու, ընդդիմադիրներուն կտտանքներու ենթարկելու ու առեւանգելու համար»,- յայտարարած է Մեյտան TV-ի տնօրէն Էմին Միլլին: «Բազմաթիւ ապացոյցներ կան, որ 2012-2014 թուականներուն օրական միջինը 3 միլիոն տոլար հոսած է Ատրպէյճանէն դէպի Բրիտանիա, որպէսզի յետոյ ծախսուի Արեւմուտքի քաղաքական գործիչներուն, լրագրողներուն, փորձագիտական խումբերուն կաշառելու համար:

Եւ երբ կը խօսիք Ալիեւի մասին որպէս դաշնակիցի, պէտք է հասկանաք, որ անոր վարչակազմը յանցագործութիւն կը կատարէ ոչ միայն սեփական ժողովուրդի, այլեւ Միացեալ Նահանգներու ու Եւրոպայի դէմ»,- աւելցուցած է Միլլին: «Արեւմուտքը միշտ կը կարծէ, որ Ալիեւի նմաններու հետ պէտք է առճակատման չերթալ, որ անոր կողմէն ընկալուած է որպէս թուլութեան նշան»,- նաեւ փաստած է ընդդիմադիր լրագրողը, յայտարարելով՝ հիմա արդէն Արեւմուտքը Ալիեւի հարցով պէտք է գործնականի անցնի:

«Ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի մէջ եւս հետաքննութիւն իրականացուի, պարզելու՝ արդեօ՞ք Ալիեւի վարչակազմը չէ կաշառած ամերիկացի քաղաքական գործիչները, լրագրողները ու փորձագէտները: Ամերիկայի երկու նախկին դեսպաններ այժմ աշխատավարձ կը ստանան Ալիեւի վարչակազմէն, այս ամօթ է, եթէ ես ամերիկացի ըլլայի, կ’ամչնայի»,- ըսած է Մեյտան TV-ի տնօրէնը:

«Արեւմուտքի մէջ ոմանք յայտարարած են, թէ Ատրպէյճանը կարեւոր դաշնակից է: Սակայն, որպէս պատմաբան, ես կը պնդեմ՝ իրականութեան մէջ ճիշդ հակառակն է»,- ըսած է Մասաչուսեթսի համալսարանի դասախօս Օտրի Աշտադտը, փաստելով՝ 20-րդ դարու զարգացումները ցոյց տուին, որ այն վարչակազմերը, որոնք կ’ոտնահարեն մարդու հիմնարար իրաւունքները, չեն կրնար վստահելի գործընկերներ ըլլալ: «ժամանակն է իրերը կոչել իրենց անուններով»,- իր հերթին յայտարարած է իրաւապաշտպան, Freedom Now կազմակերպութեան ղեկավար Մարան Թորներն ու աւելցուցած․

«Ատրպէյճանի իշխանութիւնը տարեցտարի աւելի կը կոշտացնէ իր բռնապետական կառավարումը: Ժամանակն է անուններ տալ եւ պատժել: Խօսքը ոչ թէ Ատրպէյճանի մասին է, այլ կառավարութեան անդամներու, որոնք կ’ոտնահարեն մարդու իրաւունքները՝ նախարարներու, դատախազներու, դատաւորներու, ոստիկաններու: ժամանակն է պատասխանատուութեան ենթարկել զանոնք»:

Աւելի շուտ հեղինակաւոր այս յանձնաժողովը խստօրէն քննադատած էր Ատրպէյճանի մէջ իրականացուած նախագահական ընտրութիւնները, փաստելով՝ քուէարկութիւնը անցած է ազատ ընտրութեան եւ անկախ մամուլի բացակայութեան պայմաններու մէջ։ Յանձնաժողովի համանախագահ, հանրապետական Քրիս Սմիթն ալ անցնող տարի շրջանառութեան մէջ դրած էր Ալիեւի վարչակազմի դէմ պատժամիջոցներ սահմանող օրինագիծ մը, որ արդէն ԱՄՆ Քոնկրէսի օրակարգի վրայ է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment