Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Էքոնոմիստ». «Հայաստանի՝ Լայն Ժողովրդականութիւն Չվայելող Նախագահը Ինքզինք Վարչապետ Կարգեց»

«Էքոնոմիստ». «Հայաստանի՝ Լայն Ժողովրդականութիւն Չվայելող Նախագահը Ինքզինք Վարչապետ Կարգեց»

by MassisPost

Հայաստանի մէջ աւելի քան մէկ շաբաթ շարունակուող ցոյցերուն անդրադարձած է նաեւ հեղինակաւոր «էքոնոմիստ» հանդէսը՝ «Ծանօթացէք նոր ղեկավարի հետ» խորագիրի տակ:

«Հայաստանի՝ լայն ժողովրդականութիւն չվայելող նախագահը ինքզինք կարգեց վարչապետ», – գրած է բրիտանական պարբերականը ու աւելցուցած է՝ իշխանութեան լծակները հեռատեսօրէն կեդրոնացնելով վարչապետի ձեռքը՝ այժմ Սերժ Սարգսեանը ճիշդ այդ պաշտօնը ստանձնած է: Յիշեցնելով 2014-ին ըրած յայտարարութիւնը, թէ իր համոզմամբ որեւէ մէկը երկու անգամէն աւելի պէտք չէ յաւակնի իշխանութեան, «էքոնոմիստը» գրած է՝ պարզուեցաւ որ Սերժ Սարգսեանը պարզապէս կը կատակէր:

Վերլուծելով մինչ այդ տեղի ունեցած զարգացումները՝ բրիտանական հանդէսը փաստած է, որ Սերժ Սարգսեանի մտադրութիւնները շատոնց յստակ էին. – «Սերժ Սարգսեանը պնդած է, որ խորհրդարանական համակարգը կ’ամրապնդէ ժողովրդավարութիւնը, որուն, սակայն, հայաստանցիներէն շատերը չեն հաւատար, պնդելով՝ նոր ու խճճուած ընտրական համակարգը գրեթէ կ’երաշխաւորէ, որ Սերժ Սարգսեանի Հանրապետականը մեծամասնութիւն կազմէ»:

Ներկայացնելով անոր ներկայիս քաղաքականութիւնը՝ «էքոնոմիստը» նշած է՝ Սարգսեանը հեռանկարային երեք ծրագիրներ ունի՝ սերտացնել յարաբերութիւնները Եւրամիութեան հետ, բարելաւել ժողովրդագրական վիճակն ու Հայաստանը դարձնել տեղեկատուական տեխնոլոգիաներու կեդրոն, երեքն ալ, սակայն, ըստ էութեան, իրատեսական չեն:

Բրիտանական հանդէսը եզրափակած է. – «Սերժ Սարգսեանի նոր պաշտօնավարումը ամենայն հաւանականութեամբ հիասթափեցնող պիտի ըլլայ, եւ շուտով ան գուցէ վերարժեւորէ իր խոհեմութիւնը, երբ կը յայտարարէր՝ նոյն մարդը պէտք չէ երկու անգամէն աւելի կառավարէ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment