Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ցուցարարները Կաթուածահար Ըրած են Երթեւեկութիւնը Մայրաքաղաքի Փողոցներու Մէջ

Ցուցարարները Կաթուածահար Ըրած են Երթեւեկութիւնը Մայրաքաղաքի Փողոցներու Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան լարուած վիճակը կը շարունակուի: Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ ցուցարարները շարունակած են իրենց երթը: Անոնք բազմաթիւ շրջաններ հասած են, որպէսզի իրենց ձայնը լսելի դարձնեն բոլորին եւ իրենց միանան: Անոնք կաթուածահար ըրած են նաեւ երթեւեկութիւնը մայրաքաղաքի շարք մը փողոցներու մէջ՝ Գարեգին Նժդեհ հրապարակ, Սեբաստիա փողոց, Արշակունեաց, Մաշտոցի պողոտաներ:

Լարուած վիճակ տիրած է Արշակունեաց Պողոտայի վրայ: Ինքնաշարժները հորիզոնական դիրքով փակած են ճանապարհները, իսկ ոստիկանները փորձած են քարշակի օգնութեամբ ինքնաշարժները երթեւեկելի հատուածէն դուրս բերել: Իսկ այն ինքնաշարժը, որ փորձած է կրկին կանգնիլ ոստիկանները բռնի ուժով դուրս հանած են վարորդը եւ տարած ոստիկանատուն: Անոնք շարունակած են «բերման ենթարկել» բազմաթիւ երիտասարդ ցուցարարներ:

Այնուհետեւ Փաշինեան Կիւլպէնկեան փողոցէն շարժած է Դաւիթաշէն, Հալապեան, Սեբաստիա փողոցներ, ողջունած Մալաթիոյ տօնավաճառի աշխատողները, որոնք հաւաքուած են ցուցարարները դիմաւորելու:

«Այսօր մեր ակցիաները յաջողած են»,- յայտնած է Փաշինեան «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրոյցին:
Ըստ անոր՝ իրենց գործողութիւններու թափը, ծաւալը կրկնապատկուած է: «Մենք շարունակում ենք նոյն քաղաքական գիծի մէջ մնալ, եւ մեր գործողութիւններում բացառուելու է բռնութիւնը: Եթէ նոյնիսկ ոստիկանները բռնութիւն են գործադրում մեր կողմնակիցների նկատմամբ, մենք բռնութեամբ չենք պատասխանելու: Մենք ունենք մեր հանրութեան 80 տոկոսի աջակցութիւնը եւ Սերժ Սարգսեանը պէտք է հեռանայ, այստեղ երկրորդ կարծիք լինել չի կարող»,- ըսած է Փաշինեան:

Ցուցարարներու այլ խումբ մը փակած է Ամիրեան-Մաշտոց խաչմերուկը: Անոնք «Միացէք, միացէք» վանկարկումներով կոչ ըրած են միանալ իրենց երթին, իսկ երբ ոստիկանը յորդորած է շարունակել ճանապարհը, անոնք վանկարկած են՝ «Ոստիկանը մերն է»:

Վարորդները, իրենց հերթին ազդանշաններով ողջունած են ցուցարարները: Մաշտոց-Ամիրեան խաչմերուկի վրայ երկար ժամանակ ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ լարուածութիւն առաջացած է: Բողոքի ցոյց իրականացնելէ ետք ցուցարարները կրկին համախմբուած են Հանրապետութեան հրապարակի վրայ, ուր կրկին հանրահաւաք տեղի ունեցած է:

protests-20-4
Ոստիկանները «Հալապեան» փողոցէն դուրս հանած են բեռնատարները
Հանրապետութեան հրապարակ վրայ ցուցարար Դաւիթ Սանասարեանը ուղիղ եթերով ներկայացուցած է իրենց գործողութիւնները: Սակայն ոստիկանութեան ծառայողները զինք բերման ենթարկած են:

Փաշինեան անդրադառնալով նաեւ Տիգրան Մազմանեանի կալանաւորման, նշած է, որ կը դատապարտէ այդ որոշումը. «Հանրային ռատիոյի հետ կապուած բոլոր որոշումներն անձամբ ես եմ կայացրել, եթէ իրաւապահ մարմիններն ասելու բան ունեն՝ թող ինձ ասեն: Նաեւ հասկանալի է, որ նրանց խնդիրն է ակցիաների մասնակիցներին ճնշել, քանի որ խնդիրը ես չեմ, խնդիրը մարդիկ են եւ առանց քաղաքացիների մասնակցութեան այս գործընթացը ոչ մի արժէք չունի: Ուստի հասկանալի է, որ այս պահին տակտիկական նկատառումներով ոչ թէ ինձ են թիրախաւորում, այլ՝ մասնակիցներին՝ բերման ենթարկելով»: Ան յայտնած է նաեւ. «Ես համոզուած եմ, որ նրանք մեր առաջ բացելու են Բաղրամեան 26-ի դռները»: Իսկ ինչ կը վերաբերի բերման ենթարկուածներուն, Փաշինեան ըսած է, որ իրենք կը զբաղին այդ հարցով:

Ան անդրադառնալով իշխանութեան հետ երկխօսութեան՝ բացառած է այդ. «Հայաստանում բայց իշխանութիւն կա՞յ, որ երկխօսենք, Հայաստանում այլեւս իշխանութիւն չկայ, Հայաստանում իշխանութիւնն այլեւս ժողովուրդն է»: Դիտարկման, թէ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը հրաւիրած է երկխօսութեան, Փաշինեանը պատասխանած է. «Արմէն Սարգսեանը որեւէ բան առաջարկելուց առաջ պէտք է կատարի իր պարտաւորութիւնն իմ առաջ ստանձնած: Նա պէտք է ցոյց տա տեղեկանք, թէ որ թուին է ինքը հրաժարուել Մեծ Բրիտանիայի քաղաքացիութիւնից»։

Նիկոլ Փաշինեանը ցուցարարներու հետ հասած է նաեւ Հալապեան փողոց: Քիեւեան կամուրջի եւ Հալապեան փողոցի երթեւեկութիւնը նոյնպէս փակուած է: Համալիրի մօտ Փաշինեան տեսնելով բեռնատարները՝ շարժած է այդ ուղղութեամբ: Ան ողջագուրած է վարորդները եւ առաջարկած փակել ճանապարհը, իսկ ցուցարարներուն կոչ ըրած է հաւաքուիլ վարորդներու շուրջը եւ անոնց հետ շարունակած են երթը դէպի Սեբաստիա փողոց: Սակայն ստիկանները Հալապեան փողոցէն յաջողած են դուրս հանել բեռնատարները:

Catholicos-Armen Sarkissian

Կաթողիկոսները Ողջունած են Երկխօսութեան Կանչելու ՀՀ Նախագահի Հրաւէրը
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը Ապրիլ 20-ին հիւրընկալած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ը եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոս. Արամ Ա.ը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետը ըսած է, թէ՝ «քաջածանօթ ըլլալով Ձեր անձին եւ երկար տարիներու գործունէութեան` լիայոյս ենք, որ լաւագոյնս պիտի արդարացնէք Ձեր հանդէպ մեր ժողովուրդի ունեցած վստահութիւնը»:

Հանրապետութեան Նախագահը, Ամենայն Հայոց Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետը անդրադարձած են վերջին օրերուն Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած իրավիճակին: Անոնք նշած են, որ կան կուտակուած բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք շուտափոյթ լուծման կարիք ունին, եւ երկիրը պէտք է ընթանայ իրական բարեփոխումներու ճանապարհով հասարակութեան բոլոր խաւերու եւ առաջին հերթին՝ երիտասարդներու ընդգրկմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment