Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀԿ-ն Քանի մը Օրէն Կու Տայ Վարչապետի Թեկնածուի Անունը

ՀՀԿ-ն Քանի մը Օրէն Կու Տայ Վարչապետի Թեկնածուի Անունը

by MassisPost

«Իշխանութիւնը դա մի արկղ չէ, որ գնան ու վերցնեն, ես դրան հումորով եմ վերաբերւում: Իշխանութիւնը վերցնելու համար հիմքեր են պէտք»,- ԱԺ ճեպազրոյցներու ժամանակ ըսած է ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը:

Ան նշած է, որ Սերժ Սարգսեանի լիազօրութիւններու աւարտէն յետոյ արդէն իսկ սահմանադրօրէն իշխանութիւնը կրկին կ’ըլլայ իր տեղը, Ազգային ժողովի նախագահը կը փոխարինէ այդ ընթացքին երկրի ղեկավարին, այդտեղ որեւէ արտառոց բան չ’ըլլար: Ան նշեց, որ բազմաթիւ դէպքեր եղած են, երբ երկրի ղեկավարը բացակայած է երկրէն, անոր փոխարինած են:

Ըստ Պաղտասարեանի՝ քանի մը օրէն արդէն վարչապետի թեկնածուի հետ կապուած ՀՀԿ-ն տեղեկատուութիւն կը հրապարակէ: Հարցին, թէ քանի թեկնածուի անուն կը քննարկուի ՀՀԿ-ի մէջ, ան պատասխանեց. «Դուք աւելի լաւ գիտէք, թէ քանի անուն է շրջանառւում, մեր թեկնածուների անունները կը շրջանառուեն քննարկումներու ժամանակ»:

Վահրամ Պաղտասարեանը անդրադարձած է նաեւ փողոցային պայքարին, ըսած է, որ ՀՀԿ-ն որեւէ անհանգստութիւն չունի: Իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ, ըստ անոր, ունի իր պայքարի ձեւը: Բայց իր համար անհասկանալի է, թէ ինչպէս կրնայ խորհրդարանական ուժերը թողել խորհրդարանը ու երթալ փողոցային պայքարի ճանապարհով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment