Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոր Օրէնքը Հնարաւորինս կը Փոքրացնէ Նոր Նախագահի Լիազօրութիւնները. «Ժամանակ»

Նոր Օրէնքը Հնարաւորինս կը Փոքրացնէ Նոր Նախագահի Լիազօրութիւնները. «Ժամանակ»

by MassisPost

«Ժամանակ» թերթը գրած է. «Վերջին շրջանում կառավարութեան կողմից խորհրդարան բերուող գրեթէ բոլոր օրէնքների նախագիծերը մի ընդհանուր ուղղուածութիւն ունեն՝ հնարաւորինս փոքրացնել նախագահի լիազօրութիւնների շրջանակը, այն հասցնելով զրոյի:

Այդ միտումն այն աստիճան ակնառու է, որ նոյնիսկ ամենաիշխանահաճոյ հանրապետականների նիարդերն են տեղի տալիս՝ ստիպելով ընդվզել դրա դէմ: Այսօր հրաւիրուած ԱԺ արտահերթ նիստում երկրորդ ընթերցմամբ կ’ընդունուի Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին օրէնքի նախագիծը:

Այդ նախագիծն անսահմանափակ իրաւունքներ է վերապահում վարչապետին, եւ ընդհակառակը՝ զրո իրաւասութիւն նախագահին: Այս օրէնքը նոյնիսկ վիրաւորական տարրեր է պարունակում նախագահի համար»:

«Ժողովուրդ» թերթը իր կարգին գրած է որ, Սերժ Սարգսեանի իշխանութիւնը հետեւողականօրէն կը նախապատրաստուի ապրիլէն լրատուամիջոցներու առջեւ փակել բոլոր դռները` այդպէս Հայաստանի մէջ սահմանափակելով խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնը:

«Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրինագիծին մէջ գործադիրի նիստերը դռնփակ իրականացնելու դրոյթէն յետոյ կառավարութիւնը, յանձին ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան, մէկ այլ նորամուծութիւն յօրինած է:

Հիմա ալ օրէնսդրական հիմքեր կը ստեղծեն, որպէսզի Երեւանի քաղաքապետը աւագանիի նիստերուն արգիլէ լրագրողներու ներկայութիւնը:

ԱԺ պետաիրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանը ներկայացուց «Երեւան քաղաքի մէջ տեղական ինքնակառավարման մասին» օրէնքի մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը, ուր սահմանուած է, որ քաղաքապետարանի մէջ լրագրողները իրենց մասնագիտական գործունէութիւնը կ’իրականացնեն «Երեւանի ՏԻՄ նստավայրի մէջ առանձնացուած յատուկ տեղը, որ ապահովուած է աւագանիի հրապարակային նիստերը առցանց հեռարձակմամբ դիտելու եւ ձայնագրելու տեխնիկական հնարաւորութեամբ»:

Օրէնսդրական այս նախաձեռնութիւնը, թերեւս, պատահական չէ: Երեւանի աւագանիի` 13 փետրուարի ամօթալի նիստէն յետոյ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը երկար փորձեց, բայց չկրցաւ սահմանափակել լրագրողներու ներկայութիւնը աւագանիի նիստերուն: Այդ քայլին դիմելու համար ան չունէր իրաւական հիմքեր:

Եւ հիմա Դաւիթ Յարութիւնեանը որոշած է օգնութեան հասնիլ կուսակցական գործընկերոջ` օրինագիծի մէջ ներառելով լրագրողներու դէմ իրաւական սահմանափակումներ ենթադրող դրոյթներ: «Ժողովուրդ» օրաթերթը առիթ ունեցած է տեղեկացնել, որ իշխանութիւնները մտադրուած են ապրիլէն, երբ նոր Սահմանադրութեան պարագային ձեւաւորուի նոր իշխանութիւնը, սահմանափակումներ մտցնել լրատուական դաշտի մէջ` լրագրողներու առջեւ փակելով դռները. այդպէս կը ցանկանայ ապագայ վարչապետ Սերժ Սարգսեանը: Եւ հիմա կը կատարուին իր ցանկութիւնները:

Մէկ նկատառում ալ. իշխանութիւնները միջազգային ասպարէզի մէջ հանդէս կու գան որպէս ժողովրդավարութեան ջատագովներ, բայց իրականութեան մէջ կ’ոտնահարեն ժողովրդավարական արժէքները, խօսքի ազատութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment