Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Յանուն Հայաստան Պետութեան» Ճակատը Հանրահաւաքներու Շարք Պիտի Սկսի

«Յանուն Հայաստան Պետութեան» Ճակատը Հանրահաւաքներու Շարք Պիտի Սկսի

by MassisPost

«Հիմնադիր խորհրդարան»-ի առաջնորդ Ժիրայր Սեֆիլեանի յղած կոչէն ետք ստեղծուած «Յանուն Հայաստան պետութեան» ճակատը կը մեկնարկէ հանրահաւաքներու շարք, իրենց ձեւակերպմամբ՝ «ընդդէմ ռեժիմի յաւերժացման, յանուն քաղբանտարկեալներու ազատութեան, յանուն Հայաստան պետութեան»:

«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արմէն Մարտիրոսեանի խօսքով՝ իրենք ձեւաւորած են վերկուսակցական շարժում, որ կը ներառէ նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու:

«Գլխաւոր նպատակը երկրում արմատական բարեփոխումներ իրականացնելն է եւ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը վերականգնելը։ Հռչակագիրը կայ Ճակատի, որը վաղուց ընդունուել է, որոշակի ծրագրային քննարկումներ եւս եղել են։ Մենք՝ այդտեղ հաւաքուած անձինք, կարծում ենք, որ մեր քաղաքացիներին մենք պէտք է նաեւ առաջարկ՝ այլընտրանք ներկայացնենք։ Լաւ, ասենք՝ Սերժ Սարգսեանը վարչապետ չի, իշխանափոխութիւն իրականացրեցինք, դրանից յետոյ ի՞նչ ենք անելու։ Հենց այդ կարեւորագոյն խնդիրի շուրջ է, որ քննարկումներ ենք ունեցել եւ որոշակի նախնական պատկերացումներ կան եւ համաձայնութիւններ կան»,- «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան նախագահը։

Մարտիրոսեանի պնդմամբ՝ իրենք ձեւաւորուած կառոյցի քննարկումներուն հրաւիրած են տարբեր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ ու խնդիր ունին միաւորել հանրութեան ընդդիմադիր թեւը:

«Մենք գտնում ենք, որ պայքարի ձեւը քաղաքացիների խաղաղ անհնազանդութիւնն է եւ քաղաքացիների կամքը իշխանութիւններին թելադրելն է, ուստի որեւէ խնդիր չեմ տեսնում, որ այս հարթակը ունենալով՝ քաղաքական գործիչները միաւորուեն եւ փորձեն համատեղ պայքարել, որովհետեւ ակնյայտ է մի հանգամանք՝ եթէ Սերժ Սարգսեանը վերարտադրւում է եւ իշխանութիւնն է վերարտադրւում եւ նորից շարունակում է այս համակարգով կառավարուելը, նշանակում է՝ մինչեւ 2022 թուական որեւէ փոփոխութիւն չի լինի»,- մեկնաբանած է ան։

Շուրջ 5 ամիս առաջ ձեւաւորուած քաղաքական ճակատի ներկայացուցիչներէն «Ժողովրդական հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Պետրոս Մակէեանը «Ազատութեան» ըսած է, որ իրենք կը պատրաստուին մինչեւ Ապրիլի 17-ը, երբ քննարկուի վարչապետի ընտրութեան հարցը, հանրային ճնշմամբ կանխել վարչապետի պաշտօնին Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան հնարաւոր վերարտադրութիւնը: Այս, սակայն ըստ Մակէեանի՝ իրենց միակ խնդիրը չէ: «Ոչ թէ ասում ենք՝ Սերժ Սարգսեանը չլինի, Կարէն Կարապետեանը մնայ, այլ մենք ասում ենք՝ ժողովուրդը պէտք է ձեւաւորի իր վստահութիւնը վայելող կառավարութիւն եւ պարտադրի այդ կառավարութեան կազմը հաստատելու իր վարչապետով: Ոչ թէ, ասենք՝ Սերժ Սարգսեանը չէ, այլ իր երկրորդ կամ երրորդ հպատակը լինի»:

Մակէեանը ընդգծեց, որ իրենց ճակատին վրայ պիտի փորձեն ներգրաւել քաղաքական ու հասարակական գործունէութեամբ զբաղուող հնարաւոր բոլոր ուժերը եւ ներկայ կազմն ալ միայն «Հիմնադիր խորհրդարան»-ի անդամներէն չէ կազմուած:

Մակէեանի փոխանցմամբ՝ Ազատութեան հրապարակի վրայ կայանալիք հանրահաւաքին մասնակցելու համար արդէն հրաւիրած են «Ելք» դաշինքի անդամ Նիկոլ Փաշինեանը ու «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան ղեկավար Զարուհի Փոստանճեանը: Այդուհանդերձ, «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին Փոստանճեանը ըսած է, թէ իրենք որեւէ առաջարկ չեն ստացած եւ հետեւաբար չեն քննարկած մասնակցութեան հարցը:

Բացի Երեւանի մէջ կայանալիք հանրահաւաքէն՝ «Յանուն Հայաստան պետութեան» ճակատը, համագործակցելով սփիւռքի մէջ գործող «Հայկական Վերածնունդ» կազմակերպութեան հետ, կը նախատեսէ հանրահաւաքներ իրականացնել նաեւ աշխարհի շարք մը քաղաքներու մէջ՝ Ստրասպուրկ, Լոնտոն, Լոս Անճելըս ու Փարիզի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment