Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փարիզի Մէջ Բացուած է Զապէլ Եսայեանի Անուան Ճեմուղին

Փարիզի Մէջ Բացուած է Զապէլ Եսայեանի Անուան Ճեմուղին

by MassisPost

Կանանց միջազգային օրուան կապակցութեամբ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի եւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի ներկայութեամբ քաղաքի Հանրապետութեան պողոտայի եւ Տլիմսէն ու Սպինոզա փողոցներու (20-րդ եւ 11-րդ շրջաններ) հատման կէտի վրայ գտնուող ճեմուղին անուանակոչուեցաւ  Զապէլ Եսայեանի անունով, յայտնած է Արցախպրեսսը:

Զապէլ Եսայեանի անուան ծառուղի բանալու մտադրութեան մասին Իտալկոն յայտարարած էր դեռեւս անցեալ տարի՝ Սերժ Սարգսեանի՝ Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցի ընթացքին:

Ցուցանակի վրայ նշուած է՝ «Զապէլ Եսայեան. 1878-1943. հայ կին գրող, մարդու իրաւունքներու ակտիվիստ»

Ճեմուղու բացման ներկայ եղած են Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն, Միջազգային յարաբերութիւններու եւ Ֆրանկոֆոնիայի հարցերով փոխքաղաքապետ Պատրիկ Գլակմանը, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիգէն Չիտեչեանը, Փարիզի 20-րդ շրջանի ղեկավար Ֆրետրիք Գալանտրան, Փարիզի 11-րդ շրջանի ղեկավար Ֆրանսուա Վուլինը:

zabel-2

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment