Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Կայացաւ «Ժխտման ճարտարապետները» ֆիլմի Երեւանեան Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը

Կայացաւ «Ժխտման ճարտարապետները» ֆիլմի Երեւանեան Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը

by MassisPost

20-րդ դարասկիզբին Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին վերջին 100 տարիներու ընթացքին ոչ միայն շատ՝ գրուած, խօսուած է, այլեւ բազմաթիւ ֆիլմեր նկարահանուած են թէ՛ վաւերագրական, թէ՛ գեղարուեստական, որոնք հայ ժողովուրդին պատուհասած այդ ողբերգութիւնը փորձած են առաւել ամբողջական եւ փաստական հիմքով ներկայացնել:

Անցեալ տարի այս ֆիլմերուն շարքին աւելացաւ եւս մէկը՝ ամերիկացիներ Տին Քէյնի եւ Մոնթել Ուիլեըմսի նկարահանած «Ժխտման ճարտարապետները» փաստավաւերագրական ֆիլմը, որ հանգամանալիօրէն, ականատեսներու ու փորձագէտներու վկայութիւններով կը ներկայացնէ ոչ միայն Ցեղասպանութեան շարունակականութիւնը՝1988-ի Սումկայիթի ու Պաքուի ջարդերու ականատեսներու վկայութեամբ, այլեւ 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած ողբերգութիւնը:

Այս ֆիլմն արդէն իսկ ցուցադրուած է տարբեր երկիրներու մէջ: Հայաստանեան անդրանիկ ցուցադրութեան նախորդած ասուլիսի ժամանակ ֆիլմի հեղինակները հաւաստիացուցին, որ իրենց նպատակն է ներկայացնել ողջ ճշմարտութիւնը ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան, այլեւ 20-րդ դարուն տեղի ունեցած այլ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւններու մասին:

Ռազմական պատմաբան Տին Քէյնը նշած է, որ Մոնթել Ուիլեըմսի հետ տարիներ շարունակ ճամբորդած են աշխարհի տարբեր երկիրներ՝ ականատես դառնալով ամենասարսափելի վայրագութիւններուն՝ Քենիայի, Վիեթնամի, Սուտանի մէջ եւ այլուր։

Անոնք եկած են յստակ եզրակացութեան մը՝ սխալ է, թոյլ պիտի չտալ, պիտի ամէն կերպ կանխել ցեղասպանութիւնը:

Ան նաեւ նշած է, որ շատերն աշխարի մէջ չեն գիտեր, տեղեակ չեն, թէ ինչ ողբերգութիւն տեղի կ’ունենայ այս կամ այն երկրի մէջ, այս կամ այն ժողովուրդի հետ, ուստի այդ մասին պէտք է ըսել ամբողջ ճշմարտութիւնը, որ խնամքով կը փորձեն թաքցնել որոշ երկիրներու իշխանութիւններն այսօր եւ անպատիժ կը շարունակեն իրենց արիւնոտ գործը:

Իրենք ալ զարմացած են առաջին անգամ լսելով «Հայոց ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը, իսկ յետոյ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ կատարած են ու որոշած են ճշմարտութիւնը ներկայացնել ամբողջ աշխարհին՝ տարածելով իրենց նկարահանած «Ժխտման ճարտարապետները» ֆիլմը:

«Ժխտել», – կ’ըսէ Քէյնը, – «կը նշանակէ շարունակել ցեղասպանութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդեց Հոլոքոսթը՝ «Ով այսօր կը յիշէ հայերու ջարդերը» հիթլերեան հանրայայտ ասոյթով»:

Ֆիլմի հեղինակները յայտարարած են՝ կը յիշեն եւ պիտի յիշեն բոլորը:

Տին Քէյնի գործընկերը՝ մասնագիտութեամբ պատմաբան Մոնթել Ուիլեըմսը աւելցուցած է, որ ինքն ալ որպէս պատմաբան դեռ տարիներ առաջ ոչինչ գիտէր Հայոց ցեղասպանութեան մասին, բայց յատկապէս վերջին 5 տարիներուն ֆիլմի վրայ աշխատելու ժամանակ այնպիսի փաստերու հանդիպած են, որոնք պարզապէս անհնար կը դարձնեն Ցեղասպանութեան ժխտումը, որ մինչեւ այժմ ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ աշխարհի այլ երկիրներու քաղաքականութեան մաս կը կազմէ:

«Այսօր աշխարհի մէջ, ցաւօք, կրկին կը շարունակուի ցեղասպանութիւնը, որուն մարդկութիւնը «Ո՛չ» պիտի ըսէ մէկընդմիշտ», – ըսած է Ուիլեըմսը:

Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան, ապա իր բազմաթիւ հանդիպումներու ընթացքին Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Մոնթել Ուիլեըմսը հասկցած է, որ մարդիկ քաջատեղեակ են Հայոց ցեղասպանութեան մասին, պարզապէս պետական մակարդակով կ’արգիլուի այդ մասին խօսիլ․ – «Ֆիլմին մէջ կը տեսնէք նոյնիսկ թուրքեր, որոնք կը խօսին Հայոց ցեղասպանութեան մասին, բայց կառավարութիւնը կ’արգիլէ ճանչնալ այն»:

Նշենք, որ ֆիլմը չափազանց ազդեցիկ է, ճշմարիտ՝ ներկայացուած Ցեղասպանութեան զոհերու ու այն վերապրածներու ժառանգներու, յետնորդներու, պատմաբաններու եւ փորձագէտներու վկայութիւններով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment