Հայկական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեանի կ’այցելէ Միացեալ Նահանգներ: Պատուիրակութեան կ’ընկերակցի Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչարտ Միլս:
Այս առթիւ «Ժամանակ» թերթին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, դեսպանը անդրադարձած է Հայ-Ամերիկեան յարաբերութիւններուն եւ իր կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն:
«Հիմնական առաջնահերթութիւններէն մէկը, որ ես հռչակեցի Հայաստան ժամանելէ յետոյ, աջակցիլն էր Հայաստանի մէջ այն մարդոց, որոնք կը փորձեն պայքարիլ փտածութեան դէմ: Դեսպանատունը տարբեր մեխանիզմներ ունի այդ աշխատանքներու իրականացման համար: Անոնցմէ են, այո, ֆինանսաւորել քաղաքացիական հասարակութեան այն խումբերը, որոնք կ’աշխատին այս խնդիրի վրայ: Մենք նաեւ կը մարզենք, կը սորվեցնենք լրագրողներուն հետաքննել կաշառակերութեան գործարքները, կարդալ դրամատնային հաշիւները եւ հետեւիլ դրամական հոսքերուն: Մեր գործունէութեան միւս ուղղութիւնը աշխատանքն էր կառավարութեան այն պաշտօնեաներուն հետ, որոնք լծուած էին կաշառակերութեան դէմ պայքարի գործին եւ կը ցանկային փոփոխութիւններ իրականացնել համակարգի մէջ», ըսած է դեսպանը:
«Կոռուպցիայի այն տեսակը, որն առաւել մտահոգիչ է, եւ որ ետ կը պահէ ամերիկեան ներդրողներուն, այն կոռուպցիան է, որու հետեւանքով կը փակուին շուկաները, կը ձեւաւորուի անարդար մրցակցութիւն: Կը Կարծեմ կոռուպցիայի այս դրսեւորումն ու իշխանութեան այս տեսակ չարաշահումը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի ամենամեծ մարտահրաւէրը եւ ամենամեծ խոչընդոտըª բանալու երկիրը առեւտուրի եւ ներդրումներու համար»:
Տնտեսութեան մէջ հաւասար պայմաններ ապահովելու հարցի մասի խօսելով դեսպան Միլս ըսած է. «Կարեւոր է, որ կառավարութիւնը Հայաստանի մէջ խաղի հաւասար կանոններ ապահովէ բոլոր գործարարներու համար` ըլլան անոնք ամերիկացի, եւրոպացի, ռուս, թէ չինացի: Ես անկեղծ ըլլամ` մինչ օրս, երբ ամերիկացի ներդրողը կամ գործարարը կու գայ դեսպանատուն, քննարկելու հնարաւոր ներդրումը կամ առեւտրային գործարքը Հայաստանի մէջ, առաջին հարցը, որ ան կու տայ, հետեւեալն է` կրնա՞մ վստահ ըլլալ, որ ինծի հանդէպ արդարացի եւ հաւասար մօտեցում պիտի ունենան: Եւ կը կարծեմ, որ ասոր գաղտնիքը այն է, որ Հայաստանը պէտք է ունենայ ազատ, արդար եւ անկախ դատական համակարգ, անկախ դատաւորներ, որոնք կրնան արդար վճիռներ կայացնել»:
Ժողովրդավարութեան մասին խօսելով դեսպանը ըսած է. «21-րդ դարուն, ժողովրդավարութեան կարեւորագոյն բաղադրիչն ու զսպման մեխանիզմը ազատ, աշխոյժ քաղաքացիական հասարակութիւնն է, ինչպէս նաեւ ազատ եւ անկախ մամուլը: Իսկապէս սա հայկական ժողովրդավարութեան ցաւոտ տեղերէն մէկն է` զսպումներու եւ հակակշիռներու սեփական համակարգը ձեւաւորելու եւ իշխանութեան թեւերը տարանջատելու առումով: Աշխատանքն այս ուղղութեամբ դեռեւս կը շարունակուի: Բայց յուսադրող է այն փաստը, որ Հայաստանը ունի շատ աշխոյժ եւ կենսունակ քաղաքացիական հասարակութիւն եւ ազատ մամուլ»:
Դեսպանը խօսած է նաեւ միջազգային իրադրութեանց եւ տարածաշրջանի եւ Հայաստանի վրայ անոնց հնարաւոր ազդեցութեան, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններու լոյսին տակ:
«Հակառակ ներկայի խնդիրներուն եւ դժուարութիւններուն` Միացեալ Նահանգներ-Ռուսաստան յարաբերութիւններու մէջ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը հասկնայ, որ Հայաստանը պէտք է լաւ յարաբերութիւններ ունենայ Ռուսաստանի հետ տնտեսական, դիւանագիտական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ: Մենք երկընտրանք չենք առաջադրեր Հայաստանին, չենք ըսեր, թէ պէտք է ընտրութիւն կատարել մեր եւ Ռուսաստանի միջեւ: Մենք կ’ըսենք, որ յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի, Չինաստանի, Եւրամիութեան հետ չեն հակասեր իրար: Միացեալ Նահանգներու նպատակն այն է, որ Հայաստանը կարենայ ինքնիշխան որոշումներ կայացնել այն մասին, թէ ինչպէս պիտի զարգանայ հետագային քաղաքականապէս, ինչպէս պիտի զարգացնէ իր տնտեսութիւնը, որուն հետ պիտի ունենայ ռազմական յարաբերութիւններ: Մենք կ’ուզենք օգնել ձեզ ըլլալու այնքան անկախ, որպէսզի ինքնուրոյն կայացնէք ձեր որոշումները», հարցազրոյցի ընթացքին շեշտած է Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչարտ Միլս: