Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրք Հետախոյզի Պնդմամբ Ոստիկանութիւնը Նախապէս Տեղեակ Եղած է Տինքի Դէմ Նախապատրաստուող Մահափորձէն

Թուրք Հետախոյզի Պնդմամբ Ոստիկանութիւնը Նախապէս Տեղեակ Եղած է Տինքի Դէմ Նախապատրաստուող Մահափորձէն

by MassisPost

Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ կը շարունակուի պոլսահայ լրագրող եւ հասարակական գործիչ Հրանդ Տինքի սպաննութեան դատավարութիւնը: Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» թերթի կայքին տեղեկնութիւններով` հերթական դատական նիստին մասնակցած են շարք մը կալանաւորուած եւ ազատ վկաներ ու կողմերու փաստաբանները:

Ազատութեան մէջ գտնուող վկաներէն մէկը` Հաճի Օմեր Ունալըրը, որ Տինքի սպանութենէն առաջ կ’աշխատէր Տրապիզոնի նահանգային ոստիկանութեան հետախուզութեան բաժինին մէջ, ցուցմունքի ժամանակ պատմած է, թէ իրենք ինչպէս նախապէս տեղեկութիւն ստացած էին յանցագործութեան մասին:

«2006 Օգոստոսին Հիւսէյն Եըլմազի հետ գացած էինք բաժին: Օքան Շիմշեքը տեղեկութիւններ հաղորդելու նպատակով՝ Եըլմազը կանչեց իր սենեակ: Հինգ-տասը վայրկեան ետք կանչեցին զիս` նշումներ ընելու համար: Ես թուղթ առի ու սենեակ մտայ: Եասին Հայալը կ’ըսէր, որ իր 3-4 ընկերներուն հետ, Պոլսոյ մէջ, կը պատրաստուին սպաննել հայկական ծագումով լրագրող Հրանդ Տինքը եւ զէնք կը փնտռեն: Ես այդ տեղեկութիւնները արձանագրեցի:

Յետոյ համակարգիչով ստուգեցինք Տինքի եւ «Ակօս» թերթի մասին տեղեկութիւնը: Տեսանք, որ տեղեկութիւնը ստոյգ է: Յաջորդ օրը հետախուզական բաժնի նիստին հարցը քննարկուած էր: Ես նիստերուն չեմ մասնակցիր, աւելի ուշ գիտցայ, որ նիստին այդ հարցն ալ քննարկուած է: Որոշ ժամանակ ետք՝ Հիւսէյն Եըլմազը արձակուրդ առաւ: Ես գացի Օքան Շիմշեքի մօտ ու ըսի, որ այս հարցով որեւէ հրաման չենք ստացած: Շիմշեքը ըսաւ, որ խօսած է բաժինի տնօրէն Մեթին Եըլտըզի հետ, հրաման դեռ պիտի տրուի: Իսկ յետոյ, մինչեւ սպաննութիւնը, ես այս մասին այլեւս որեւէ տեղեկութիւն չեմ ստացած»,- պատմած է Ունալըրը:

Վկան նաեւ աւելցուցած է, որ հակառակ ստացած տեղեկութեան` առանց համապատասխան հրամանի ան որեւէ գործողութիւն սկսելու, ինքնուրոյն միջոցներ ձեռնարկելու իրաւունք չէ ունեցած: Իսկ իրմէ աւելի բարձրաստիճան պաշտօնեաները, որոնք պէտք է նման հրաման տային, ոչինչ հրահանգած են: Ունալըր նաեւ նշած է, որ Տրապիզոնի ոստիկանութեան հետախուզութեան բաժին աշխատանքի անցնելէն ետք՝ որոշ ժամանակ աշխատած է նաեւ նոյն բաժինի արխիւին մէջ: Վկային խօսքով` այդ արխիւին մէջ Եասին Հայալի կամ անոր ընկերախումբի մասին որեւէ տեղեկութիւն չէ եղած: Ոստիկանութենէն եւս, Եասին Հայալի վերաբերեալ ծանուցում չէ հասած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment