Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Մէջ Մահացած է Հայոց Ցեղասպանութեան Վերջին Ականատես-Վերապրածներէն Սիլվարդ Աթաճեանը

Երեւանի Մէջ Մահացած է Հայոց Ցեղասպանութեան Վերջին Ականատես-Վերապրածներէն Սիլվարդ Աթաճեանը

by MassisPost

Կեանքէն հեռացած է Հայոց ցեղասպանութեան երեւանաբնակ եզակի ականատես-վերապրածներէն մէկը՝  Սիլվարդ Հայրապետի Աթաճեանը: Մուսալեռցի կինը քանի մը ամիս անց՝  Ապրիլ 7-ին 106 տարեկանը պիտի բոլորէր:

Անոր ընտանիքի անդամները Կիլիկեան Սուէտիայի շրջանի այն հայերու շարքին էին, որոնք 1915 թուականին մասնակցած էին թրքական ջարդարարներու դէմ մղուած հերոսական պայքարին: Երբ տեղի թրքական իշխանութիւնները փորձած էին իրականացնել հայութեան տարհանման հրամանը, հայերը որոշած էին դիմադրութիւն ցոյց տալ` բարձրանալով Մուսա լեռ, ուր եւ կազմակերպած էին ինքնապաշտպանական մարտեր` 53 օր շարունակ յաջողութեամբ ետ մղելով թրքական զօրքերու յարձակումները:

«1915 թուականին քոյրս, մայրս եւ տատիկս բարձրացանք Մուսա լեռը: Ես այդ ժամանակ երեք տարեկան էի: Հայրս եւ հօրեղբայրս զինուորներ էին: Հայրս կարգադրեց, որ մայրս վերցնէ մեզ եւ լեռ բարձրանայ»,- պատմած էր տիկին Սիլվարդը «Արմէնբրէս»-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ իրականացուած «Ականատեսը» յատուկ նախագիծի ծիրէն ներս՝ 2013 թուականին:

2015 թուականի փետրուարի սկիզբը Սիլվարդ Աթաճեանը բաւական բարդ վիրահատութեան ենթարկուած էր,  բայց ան ապաքինուած եւ ոտքի կանգնած էր, ապրած էր յոյսով եւ հաւատով: Իր եզակի հասակակիցներու նման, պատերազմի գինը գիտցող ուժեղ, բազմաթիւ փորձութիւններ յաղթահարած այս կնոջ մեծ  ցանկութիւնն էր, որ ժառանգները ապրին խաղաղ երկինքի տակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment