Անհրաժեշտ պայմաններու պարագային մենք պատրաստ ենք Հայաստանի հետ կարգաւորման. յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտան՝ նշելով, որ նոր ժամանակահատուածին անհրաժեշտ ընելիքները յայտնի են։
Ֆիտան այդ մասին խօսած է Յունիս 18-ին թուրք լրագրողներու հետ զրոյցին՝ ամփոփելով Մոսկուա կատարած այցին արդիւնքները։ Ֆիտան Յունիս 16-17-ին աշխատանքային այցով մեկնած էր Ռուսաստան, ուր շարք մը առանցքային պաշտօնեաներու հետ հանդիպման ընթացքին, այդ շարքին՝ Ռուսաստանի իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ, քննարկած էր նաեւ Հարաւային Կովկասին առնչուող հարցեր։
Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը Հայաստանի հետ կարգաւորման գործընթացին անդրադառնալով նաեւ կարեւորած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ձեռնարկած քայլերը՝ նշելով, որ անոնց ի պատասխան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիփ Էրտողան քայլեր ձեռնարկած է ազատ առեւտուրի եւ օդային հողորդակցութեան հարցերուն մէջ։ Աւելի վաղ՝ Յունիս 8-ին, Թուրքիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը, ողջունելով Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները, տարածաշրջանի հարցերու կարգաւորման ու խաղաղութեան գործին մէջ Հայաստանէն «խիզախ» քայլեր ակնկալած է։
Նոյն օրը Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտան Ատրպէյճանի ու Վրաստանի գործընկերներուն հետ մամուլի ասուլիսին Հայաստան-Թուրքիա գործընթացը շաղկապելով Ատրպէյճան-Հայաստան կարգաւորման գործընթացին, յոյս յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի հիմնաւոր մտահոգութիւններու փարատումէն յետոյ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր կը ստորագրուի։

