Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրք Պատգամաւորը Կապ Ունի Գերմանիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դէմ Բողոքներու Հետ

Թուրք Պատգամաւորը Կապ Ունի Գերմանիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դէմ Բողոքներու Հետ

by MassisPost

ZDF հեռուստատեսութեան եւ Stuttgarter Nachrichten թերթի պատրաստած հետաքննութեան արդիւնքներուն համաձայն, Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ բողոքներու կազմակերպման ետեւը,  շատ հաւանաբար, կեցած է թուրք խորհրդարանականը, որը սերտ կապեր ունի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ:  Հետաքննութեան համաձայն, Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան անդամը փողով  ապահոված է Գերմանիոյ մէջ բռնցքամարտիկներու խմբաւորումը, որպէսզի զէնք գնեն եւ ցոյցեր կազմակերպեն ու հետապնդեն Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը քննադատողներուն, կը յայտնէ  Deutsche  Welle հեռատեսիլի ալիքը:

Մեթին Քուլունք ուղղակի եւ կամ  երրորդ  կողմի մը միջոցաւ  յատկացումներ կատարած է թուրք ազգայնականներու Osmanen Germania կազմակերպութեան, որ ամբողջ Գերմանիոյ տարածքին ունի 20 գրասենեակ եւ 2500 անդամ:

Հետաքննութիւնը հիմնուած է հեռախօսային խօսակցութիւններու վերլուծութեան եւ խումբին հետեւելու ոստիկանութեան տուեալներուն վրայ: Ոստիկաններու համաձայն, Քուլունք Osmanen Germania կազմակերպութեան հրահանգած է հետապնդել Գերմանիոյ մէջ բնակող քուրտերն ու Էրտողանի քննադատները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment