Ատրպէյճանի արտաքին գործոց գործնախարար Էլմար Մամետեարովի գնահատմամբ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ հանդիպումը Վիեննայի մէջ «անցած է դրական եւ կառուցողական»: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավարը:
APA լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ՝ Հիքմէթ Հաճիեւը յայտնած է, որ «բանակցութիւններու ընթացքին կայացած են կեդրոնացուած եւ յստակ քննարկումներ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման կապակցութեամբ առկայ առաջարկներու շուրջ», պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է երկու նախարարներուն յաջորդ հանդիպումը 2018 թուականի Յունուարի երկրորդ կէսին իրականացնելու մասին:
Նշենք, որ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ նախ առանձին հանդիպումներ ունեցած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ, ապա միջնորդներու եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի մասնակցութեամբ կազմակերպուած է անոնց հանդիպումը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ տեղի ունեցած է նաեւ Նալպանտեանի եւ Մամետեարովի առանձնազրոյցը: