Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տինքի Սպանութեան Դատավարութիւնը Հակառակորդները Ճնշելու Գործիք Դարձած է Իշխանութեան Համար․ Կարօ Փայլան

Տինքի Սպանութեան Դատավարութիւնը Հակառակորդները Ճնշելու Գործիք Դարձած է Իշխանութեան Համար․ Կարօ Փայլան

by MassisPost

Հրանդ Տինքը թիրախ դարձուցած եւ սպանութեան կազմակերպման աչք փակած որեւէ պաշտօնեայ դեռ չէ դատապարտուած։ Նման յայտարարութիւն ըրած է «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը։

Թրքական T24 կայքի փոխանցմամբ, Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս պիւտճէի քննարկումներու ժամանակ հայ պատգամաւորը անդրադարձած է արդարադատութեան խնդրին՝ յիշատակելով Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով 10 տարի տեւող դատավարութիւնը։ Փայլան շեշտած է, որ մինչեւ հիմա Տինքը թիրախ դարձուցած  ու սպանութեան կազմակերպման մասին տեղեկութիւններ ունեցող որեւէ պաշտօնեայ չէ դատապարտուած:

Փայլան նշած է, թէ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան սկիզբը «Էրկենեքոն»-ի գործով մեղադրուող շարք մը անձերու մեղադրանք ներկայացուեցաւ, որոնք աւելի ուշ կասեցուեցան։ «Տինքի դատավարութիւնը իշխանութիւններու համար հակառակորդները ճնշելու գործիք դարձած է »,-ըսած է Փայլան։

Նշենք, որ Հրանդ Տինքի գործով դատավարութիւնը կը տեւէ 10 տարի, սակայն բացի մի քանի ձեւական ազատազրկումներէ դեռ կազմակերպիչներու ու հրահանգ տուողներու մասին ոչինչ յայտնի է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment