Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ի Հետ Համաձայնագիրը Չի Պարունակեր Որեւէ Տարր, որ Ինչ-որ Բան կը Պարտադրէ Հայաստանին. Սվիթալսքի

ԵՄ-ի Հետ Համաձայնագիրը Չի Պարունակեր Որեւէ Տարր, որ Ինչ-որ Բան կը Պարտադրէ Հայաստանին. Սվիթալսքի

by MassisPost

«Եւրոմիութիւն-Հայաստան համաձայնագիրը նոր դռներ կը բանայ: Այժմ մենք կեդրոնացած կ՛աշխատինք, որպէսզի ան լաւագոյնս կեանքի կոչուի», – երէկ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիթըր Սվիթալսքի:

Դեսպանին խօսքով` համաձայնագիրը պէտք է տեսանելի ըլլայ սովորական հայաստանցիին: «Ասիկա կ՛ընենք սովորական հայաստանցիին համար: Ճիշդ է, դիւանագէտները բանակցեցան այս փաստաթուղթը, բայց ան հասարակ քաղաքացիներուն համար է», -ըսած է ան, շեշտելով, որ ինք կը միանայ ՀՀ կառավարութեան ներկայացուցիչներու այն  յայտարարութիւններուն, ըստ որու՝ «համաձայնագիրը չի պարունակեր որեւէ տարր, որ ինչ-որ բան կը պարտադրէ Հայաստանին»:

«Ազատութեան» հարցումին, թէ համաձայնագիրով Հայաստան բազմաթիւ պարտաւորութիւն կը ստանձնէ` փտածութեան դէմ պայքար, դատաիրաւական ոլորտի բարեփոխումներ, ազատ մրցակցային յարաբերութիւններ գործարարութեան համար, եթէ այս պարտաւորութիւնները չեն կատարուիր, կամ թերի կը կատարուին, որո՞նք են այն մեքանիզմները, որոնց միջոցով Եւրոմիութիւնը պիտի փորձէ վերահսկել այս պարտաւորութիւններու իրականացման գործընթացը, եւ ի՞նչ կ՛ըլլայ եթէ ատոնք չկատարուին, կամ թերի` մասամբ կատարուին, Սվիթալսքին պատասխանած է. – «Թոյլ տուէք նշել, որ համաձայնագիրը համագործակցային բնոյթի է, սա կը նշանակէ, որ ան մեր համատեղ ջանքերու ու պարտականութիւններու մասին է, երկուքն ալ յանձնառութիւն վերցուցած են` աշխուժացնելու իրենց յարաբերութիւնները, այստեղ տարբեր ոլորտներու մասին խօսք կայ, որոնց մէջ` փտածութեան դէմ պայքարի, մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարացման, եւ սա շատ կարեւոր է, որովհետեւ այսպէս մենք կը միատեղենք մեր ջանքերը: Եւրոմիութիւնը կը քաջալերէ, կ՛աջակցի, բայց երբեք չի պարտադրեր: Այնպէս որ վստահ ենք, որ լաւ ոգիով պիտի կատարուին այդ յանձնարարականները: Հարկ չեմ համարեր խօսիլ ձախողումներու մասին այս պահուն, որովհետեւ շատ լաւատես եմ, որ այս համաձայնագիրը նոր որակ պիտի բերի մեր յարաբերութիւններուն, նաեւ շատ լաւատես եմ իրագործման առումով»:

Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ  Նոյեմբեր 24-ին ստորագրուեցաւ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործակցութեան համաձայնագիրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment