Պոլսոյ հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է թրքական զօրքերու կազմին Կիպրոսի մէջ գործողութիւններու մասնակցած եւ «Կիպրոսի հերոս» կոչումը ստացած Մուրատ Միհրանի հոգեհանգիստը։
Թրքական «Yenikapihaber» կայքի փոխանցմամբ, Մուրատ Միհրանի թաղման արարողութիւնը կազմակերպուած է ամբողջովին զինուորական կարգով, որուն մասնակցած են պատուոյ պահակախումբի զինուորականներ եւ բարձրաստիճան զինուորականներ։
Մուրատ Միհրանի դագաղը եկեղեցի բերուած է պատուոյ պահակախումբի զինուորներուն կողմէ, որմէ ետք հայ հոգեւորականները հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարած են։
Այնուհետեւ Մուրատ Միհրանի դագաղը տեղափոխած են Պալըքլըի հայկական գերեզմանոց, ուր ամփոփած են մարմինը։
64-ամեայ Մուրատ Միհրան 1974-ին մասնակցած է Կիպրոսի մէջ թրքական կողմի գործողութիւններուն եւ ստացած «Կիպրոսի հերոս» կոչումը։ Այնուհետեւ ան Պոլսոյ «Փակ շուկայ»ին մէջ ոսկիի տաղաւարներ բացած է եւ մինչեւ օրս որպէս յաջողակ եւ սիրուած ոսկերիչ եղած է։