Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեան Հերքեց Իր Եւ Վարչապետի Միջեւ Լարուածութեան Մասին Լուրերը

Սերժ Սարգսեան Հերքեց Իր Եւ Վարչապետի Միջեւ Լարուածութեան Մասին Լուրերը

by MassisPost

Վերջին օրերուն Հայաստանեան մամուլին մէջ տարածուած  լուրերու համաձայն,  վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը պատրաստուի հրաժարական ներկայացնելու, նախագահ Սարգսեանի հետ յառաջ եկած տարակարծութիւններուն պատճառաւ:

Յունիս  6-ին, Տաւուշի շրջան կատարած իր այցելութեան ընթացքին, նախագահ Սարգսեան ստիպուած եղաւ անդրադառնալ շրջանառուող այս լուրերուն, յայտարարելով, որ վարչապետ Կարէն Կարապետեան հրաժարական տալու որեւէ պատճառ չունի.  Սերժ Սարգսեան հերքեց մամուլի  տեղեկութիւնները, թէ իր եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի միջեւ  յարաբերութիւնները լարուած են:

Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ նախագահը յայտարարեց. «Պարբերաբար հրապարակ նետուող լուրերը իբր գոյութիւն ունեցող հակասութիւնների, հակամարտութեան մասին` մտացածին են: Մենք շատ լաւ հասկանում ենք ե’ւ կուսակցութեան, ե’ւ իշխանութեան մակարդակում, թէ ովքեր են այդ բեմադրութեան հեղինակները, ինչպիսին են նրանց ցանկութիւնները: Բայց կարծում եմ, որ դա իրավիճակի վրայ որեւէ ազդեցութիւն ունենալ չի կարող»,- ըսած Սարգսեան:

Նախագահը նշած է, թէ երկրի մէջ, մասնաւորապէս, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան մէջ առողջ աշխատանքային մթնոլորտ է:

Միւս կողմէ սակայն, քաղաքկան շրջանակներ կը պնդեն, որ  Հանրապետական կուսակցութեան տարբեր խմբաւորումներուն  միջեւ պայքար սկսած է 2018-ի Ապրիլէն յետոյ վարչապետի թեկնածութեան ընտրութեան շուրջ, եւ այդ պայքարը յառաջիկային աւելի  պիտի սրի:

Կովկասի ինստիտուտի ղեկավար, քաղաքագէտ Ալեքսանդր Իսկանդարեան «Ազատութիւն» ռատիոկայանին յայտնած է որ,  իշխող խումբէն ներս խնդիրներ կան, որովհետեւ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ, մրցոյթ  յայտարարուած է, թէ ով պիտի դառնայ երկրի առաջին դէմքըª վարչապետը 2018 Ապրիլէն յետոյ, երբ անցում պիտի կատարուի խորհրդարանական կառավարման: «Չափազանց տարօրինակ կը լինէր, եթէ այդ հարցի առնչութեամբ հակասութիւններ չառաջանային տարբեր խաղացողների միջեւ: Բբնականաբար, այդ հակասութիւններն առկայ են, բնականաբար, կան տարբեր թեկնածուներª մարդիկ, ովքեր իրենց տեսնում են այդ պաշտօնում»,- ըսած է Իսկանդարեան:

Քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Բադալեանի կարծիքով, Հայաստանի  սոցիալ-տնտեսական իրաւիճակը մեծապէս ծանրացած է եւ գործող իշխանութիւնը ի վիճակի չէ միջոցներ գտնել զայն շտկելու համար: «Վարչապետի խումբը ունի ռեսուրսներ, սակայն, չի պատրաստուում դրանք ներդնել` չունենալով իրական իշխանութիւն: Պայքարի պատճառն էլ հենց դա է, որովհետեւ գործող  էլիտաները չեն ցանկանում զիջել իշխանութիւնը  Կարապետեաններին»,- ըսած  է մեկնաբանը:

«Այստեղ նոյնիսկ անձերը չեն կարեւոր: Միայն Սերժ Սարգսեան-Կարէն Կարապետեան խնդիրը չէ այստեղ: Ներիշխանական ողջ պալիտրայում առկայ են տարբեր շահեր ներկայացնող խմբեր, տարբեր ֆինանսական հնարաւորութիւններ, եւ խնդիրն առաջացել է այս ամէնի ֆոնին: Իրավիճակն այնքան ծանր է, որ ինչ-որ մէկը պէտք է բարձր գին վճարի` այն փոխելու համար: Բայց ոչ ոք չի ուզում վճարել այդ գինը` չունենալով յստակ երաշխիք կոնկրետ իշխանութեան տեսքով», եզրակացուցած է Բադալեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment