Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Ոստիկանութիւնը Ուշադիր Հետեւած ու Դիտաւորեալ Չէ Կանխած Տինքի Սպանութիւնը

Թուրքիոյ Ոստիկանութիւնը Ուշադիր Հետեւած ու Դիտաւորեալ Չէ Կանխած Տինքի Սպանութիւնը

by MassisPost

Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով հերթական դատական նիստին ներկաները լսած են վկաներուն։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս»-ը, դատարանին մէջ վկայութիւն տուած է ոստիկանութեան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ Լեւենթ Եարմէլը՝ նշելով, որ սկիզբէն Տինքի սպանութեան հետաքննութիւնը խիստ թերի ընթացած է։

Ան նշած է, որ հետաքննութեան ժամանակ չէ թոյլատրուած օգտուիլ հետախուզութեան յատուկ LOG տուեալներէն, որոնք ամէն ինչ կը բացայայտէին։ «Ինծի ըսին, որ եթէ LOG տուեալները ներկայացնենք, ոստիկանութիւնը բարդ կացութեան մէջ կը յայտնուի, եւ պէտք է լսենք Պոլսոյ մէջ ինչ կ’որոշեն։ Եթէ թաքցնեն LOG-ի տուեալները, ուրեմն այստեղ դիտաւորութիւն կայ։ Նման սպանութիւնը առանց վերիններու թոյլտուութեան չէր կրնար տեղի ունենալ վայրի մը մէջ, երբ ամբողջ հետախուզութիւնը այնտեղ էր»,-ըսած է Լեւենթ Եարմէլը՝ աւելցնելով, որ Տինքի սպանութեան բացայայտմանն ուղղուած իր աշխատանքներու համար 2011-ին սպառնալիքներ ստացած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment