Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրքական Դատարանը Պահանջած է Կարօ Փայլանը Զրկել Անձեռնմխելիութենէն

Թրքական Դատարանը Պահանջած է Կարօ Փայլանը Զրկել Անձեռնմխելիութենէն

by MassisPost

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը խորհրդարան ուղարկած է Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւնները քննող 14-րդ դատարանի պատրաստած մեղադրական եզրակացութիւնը, որով կը պահանջուի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին զրկել պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն: Այս մասին յայտնած է թրքական T 24 լրատուամիջոցը:

Դատարանը քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւորին մեղադրած է 2016 թուականի 25 Մարտին լրագրողներ Ճան Տիւնտարի եւ Էրտէմ Կիւլի գործով դատական նիստի ժամանակ «ծառայողի աշխատանքը խոչընդոտելու եւ դատավարութեան գաղտնիութիւնը խախտելու» մէջ: Համաձայն մեղադրանքի՝ Փայլանը հրաժարած է դուրս գալ դատական նիստերու դահլիճէն՝ այդպիսով խոչընդոտելով դատավարութեան բնականոն ընթացքը եւ խախտելով գաղտնիութիւնը:

«Սա յօրինուած մեղադրանք է, որով շատ մարդիկ՝ լրագրողներ, քաղաքական գործիչներ կալանաւորուած են»,- ըսած է Փայլանը՝ նշելով, որ բոլոր դատարանները կ’առաջնորդուին անով, թէ ինչ կ’ըսէ կամ կը մտածէ երկրի նախագահը: «Գործ ունինք կուսակցական դատական համակարգի հետ: Այստեղ ընդդիմադիր պատգամաւորներուն կամ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն կը դիտարկեն իբրեւ տարրեր, որոնց պէտք է ցոյց տալ իրենց տեղը»,- ընդգծած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment